«Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Գլխաւոր Խոչընդոտը Զելենսքին Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Ուքրանիոյ հակամարտութեան, երկրի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նկատեց պատերազմին վերջ տալու Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու սառած վիճակին պատասխանատուն:

Թրամփ ընդգծեց, թէ Զելենսքին համաձայնութեան գոյացման դէմ ծառացած «գլխաւոր խոչընդոտ»-ն է, իսկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «պատրաստ է գործարք կնքելու»:

«Կը կարծեմ` Ուքրանիան նուազ պատրաստ է համաձայնութեան գալու», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած բանակցութիւնները տակաւին չեն լուծած Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր Եւրոպայի մեծագոյն ցամաքային հակամարտութիւնը, նշեց. «Զելենսքի»:

«Պէտք է Զելենսքիին ստիպենք ատոր համաձայնիլ», ըսաւ ան:

 

 

Leave a Comment