Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. 22 Յուլիսի` «Հայ Մարզիկի Օր»-ուան Առիթով Արցախի Մարզիկներու Գնահատանքի Երեկոյ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յաձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներուն մասնակցութեամբ, երեքշաբթի, 22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկի «Արմաւիր» սրահին մէջ նշուեցաւ «Հայ մարզիկի օր»-ը: Անիկա հինգ տարի է ի վեր կը նշուի 22 յուլիսին` հայ մարմնակրթութեան մեծ ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեանը օրը: Այս տարի, սակայն, ան շուք եւ թելադրականութիւն … Read more