Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Պրումմանայի Վազքի Փառատօն

Պէյրութ Մարաթոն միութիւնը եւ Պրումմանայի քաղաքապետարանը միասնաբար կը կազմակերպեն Պրումմանայի վազքի փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 23 օգոստոսին, մարզական զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու նպատակով:

Հաւատալով, որ Լիբանանի յառաջդիմութեան եւ բարելաւման գլխաւոր ձեւերէն կը նկատուին մարզական նախաձեռնութիւնները, այս փառատօնը կը կազմակերպուի` առողջ ապրելակերպը քաջալերելու եւ խաղաղութեան պատգամը յղելու համար, ինչ որ Պէյրութ Մարաթոն միութեան որդեգրած նշանաբանն է:

Փառատօնին տեղի պիտի ունենան 3 տեսակ մրցումներ տարբեր տարիքներու` յարմարելու համար բոլոր մասնակիցներուն:

4 քմ վազք, 18 տարեկանէն սկսեալ, որ լուրջ մրցակցութիւն պիտի ըլլայ Պրումմանա գիւղի փողոցներուն վրայ առաւօտեան ժամը 6:30-էն մինչեւ 7:30:

Երկու քմ վազք (պատանիներու համար), 8-էն 17 տարեկաններու, որ պիտի ըլլայ քաջալերական մրցում մը, որ կրնայ քաջալերել ապագայի երիտասարդ եւ պատանի մարզիկները, որպէսզի մարզանքի հետեւին` միեւնոյն ժամանակ Պրումմանայի բնութեան գեղեցկութիւնը վայելելով: Այս մրցումին հաւաքը տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 7:30-էն ետք, մրցումը ընթացք պիտի առնէ ժամը 8:30-ին:

4 քմ հաճոյքի վազք, որուն կրնան բոլոր փափաքողները մասնակցիլ` ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով Պրումմանայի փողոցներուն մէջ: Ընդհանուր հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 8:30-ին, իսկ մրցումը ընթացք պիտի առնէ ժամը 9:30-ին:

Պէյրութ Մարաթոն միութիւնը կը յայտնէ, որ արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան առցանց beirutmarathon.org կայքին վրայ, մինչեւ 15 օգոստոս: Յաւելեալ մանրամասնութեան համար կապ պահել հեռաձայնելով 70-898151 թիւին:

 

Leave a Comment