Մարդ չմնաց, գերագոյն անարդարութեան վրայ հիմնուած Թուրքիոյ պէս երկրի մը նախագահ Էրտողա՞նն է, որ մեզի պէտք է յուշէ այս բոլորի մասին. Սեւակ Յակոբեան. «Զարթոնք»

Մեզի այլեւս ո՛չ մէկ բանով չզարմացնող պահուածքով մը, 10 օր առաջ, Նիկոլ Փաշինեանի կողակից՝ Աննա Յակոբեանը գրառում մը կատարած էր իր ֆէյսպուքի էջին վրայ: Ինքնագովազդին ու ցուցադրամոլութեան, ինչպէս նաեւ մի քանի գիրք միաժամանակ կարդալու իր չնաշխարհիկ կարողութիւնները բացայայտելու զուգահեռ, տիկին Յակոբեան կարգ մը յղումներ կ՛ընէ Էրտողանի «հանճարէն» ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի մասին վերջինիս իբր թէ … Read more

Սամուէլ Կարապետեանէն մինչեւ Միքայէլ Սրբազան. հիմնական թիրախը Գարեգին Երկրորդ Վեհափառն է. Սեւակ Յակոբեան

Նիկոլ Փաշինեան այսօր յաջողեցաւ իր հերթական «Փորձնական փուչիկ»-ը արձակել գուցէ փորձարկելու համար ժողովուրդին հանդուրժողականութիւնը կամ հակազդեցութիւնը: Միտքս ամբողջացնելէ առաջ, փորձեմ բացատրել, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզեմ «Փորձնական փուչիկ» եզրոյթով:«Փորձնական փուչիկ»-ը  ինչպէս այլ բնագաւառներու  մէջ, քաղաքականութեան մէջ եւս օգտագործուող սոցիալ-հոգեբանական մեքանիզմ է, որ յաճախ կ՛օգտագործուի յառաջիկային գալիք արարքի մը յառաջացնելիք արձագանգը նախապէս փորձարկելու: Օրինակ, ան երբեմն լրատուամիջոցներուն … Read more