Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ» – Aztag Daily

Ռուսիան չի պատրաստուիր ֆինանսաւորելու Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ համարկումը, եւ Երեւանի այդ ուղղութեամբ իւրաքանչիւր քայլը ունի առարկայական հետեւանքներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու` Անվտանգութեան խորհուրդի գիտափորձագիտական խորհուրդի նախագահութեան անդամներու խորհրդակցութեան ժամանակ:

Ան նշած է, որ Երեւանի քաղաքականութեան մէջ կը նկատուի Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու ակնյայտ ձգտում, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բացայայտ սպառողական վերաբերմունքը ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի նկատմամբ:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամբողջովին յստակ ձեւակերպած է այս առնչութեամբ մեր վերաբերմունքը. Երեւանը պէտք է հանրաքուէ կատարէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կամ ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալու վերաբերեալ:

«Կ՛ուզեմ ընդգծել, Ռուսիան պատրաստ չէ եւ պիտի չզբաղի Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ համարկման ֆինանսաւորմամբ, եւ այդ ուղղութեամբ իւրաքանչիւր քայլ ունի առարկայական հետեւանքներ», նշած է Շոյկու:

 

Leave a Comment