Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

Արցախի մշակոյթի նախկին նախարար, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի կողմէ հայկական ձեռագիր մատեաններու նմուշներու ցուցադրութիւնը «ձեռնածութիւն» որակեց:

Հիքմեթ Հաճիեւ Գանձասարի մատենադարանի ցուցասրահին մէջ անցեալ շաբաթավերջին դիւանագէտներուն ցուցադրած էր, իբրեւ թէ, հին հայկական գիրքերը: Բանալով ձեռագիրներու նմուշները, ան դիւանագէտներուն ցոյց տուած էր այդ գիրքերուն դատարկ էջերը, իսկ ներկայ դիւանագէտները անոր արձագանգած էին ծիծաղով:

Մինչդեռ Լեռնիկ Յովհաննիսեան կը նշէ, որ Գանձասարի մատենադարանը, որ Հայաստանի Մատենադարանի մասնաճիւղն էր, իր տնօրինութեան տակ գտնուող արժէքաւոր գիրքերը, նաեւ տպագիր այլ արժէքաւոր գիրքեր ապահով վայր տեղափոխած էր տակաւին 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին: Ցուցասրահին մէջ մնացած էին միայն նմուշները, իսկ մշակութային արժէքները դուրս բերուած էին:

«Հաճիեւի ցուցադրութիւնը հերթական ձեռնածութիւնն է: Ինչ կը վերաբերի անոնց վրայ ծիծաղող դիւանագէտներուն, ապա անոնք շատ լաւ կը հասկնային, շատ լաւ գիտէին, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է: Իրենք ուղղակի պէտք էր հաւատային` կը հաւատային: Նոյն Կրոնոն, միւս դիւանագէտները, այնտեղ կային նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու դիւանագէտներ: Իրենք տեղեակ չէ՞ին այդ խնդիրի մասին, ի հարկէ շատ լաւ տեղեակ էին: Ուղղակի այսօր պէտք է այդ քաղաքականութիւնը վարել, կը վարեն», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Leave a Comment