Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը» – Aztag Daily

Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը բարդ պայքար է, սակայն Ազրպէյճան յանձնառու է պահպանելու իր տարածքին մէջ գտնուող քրիստոնէական ժառանգութիւնը: Այս մասին Տուպայի մէջ «Եուրոնիուզ Ֆորում»-ի կլոր սեղանին ժամանակ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:

«Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը բարդ պայքար է, սակայն Ազրպէյճանը յանձնառու է պահպանելու իր տարածքին մէջ գտնուող քրիստոնէական ժառանգութիւնը, որովհետեւ անիկա իր պատմութեան մասն է: Հայաստանի մէջ եւ հայկական սփիւռքի մէջ վրէժխնդրական ուժերը տակաւին ուժեղ են եւ կը փորձեն խաթարել նախկին հակառակորդներուն միջեւ պատմական խաղաղութեան հոլովոյթը», ըսած է Հաճիեւ:

Նախագահի խորհրդականը նշած է, որ թէեւ իր երկիրը կը հանդիսանայ աւելի լայն իսլամական քաղաքակրթութեան մաս, սակայն ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ կողք-կողքի կը գտնուին երեք կրօններ` իսլամութիւնը, քրիստոնէութիւնը եւ հրէութիւնը` մզկիթներով, եկեղեցիներով եւ տաճարներով:

Հաճիեւ ըսած է, որ Ազրպէյճան նուիրուած է Ազրպէյճանի գերիշխան տարածքին մէջ քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանման` անկախ անոր պատկանելիութենէն, եւ ատիկա վերջակէտ է, որովհետեւ ատիկա իրենց մշակութային ժառանգութիւնն է:

«Անիկա նաեւ 4-րդ դարէն ի վեր քրիստոնէութեան առաջին վայրերէն մէկն է. քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունուած է Աղուանքի թագաւորութեան կողմէ, մինչդեռ Ազրպէյճանը նաեւ առաջին երկիրներէն մէկն է, որ ընդունած է իսլամութիւնը:

«Կովկասեան Աղուանքը հին թագաւորութիւն էր ներկայ Ազրպէյճանի եւ հարաւային Տաղստանի որոշ հատուածներու մէջ, որ որեւէ կապ չունի Արեւմտեան Պալքաններու պետութեան` Ալպանիոյ հետ, որուն հետ անիկա կը կիսէ միայն անունը:

«Հայկական եկեղեցական իշխանութիւնները վիճարկած են Ազրպէյճանի գրառումները կրօնական կառոյցներու վերաբերեալ` Պաքուն մեղադրելով Ղարաբաղի մէջ եկեղեցիներ քանդելու մէջ, ինչ որ Ազրպէյճանը կը հերքէ», ըսած է Հաճիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը նաեւ տեսանիւթ մը հրապարակելով յայտարարած է. «Իմ երկիրս քրիստոնէութեան առաջին վայրերէն մէկն է: 4-րդ դարուն քրիստոնէութիւնը իբրեւ պաշտօնական կրօն ընդունուեցաւ Աղուանքի թագաւորութեան կողմէ: Ի դէպ, անիկա պէտք չէ շփոթել պալքանեան Ալպանիոյ հետ. ատիկա այն թագաւորութեան անուանումն էր, որ հիմնադրուած էր Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: Ղարաբաղի մէջ մենք ունինք ուժեղագոյն հետքը: Ցաւօք, անիկա տարիներու ընթացքին ենթարկուած է կեղծման, եկեղեցիներու ճարտարապետութեան փոփոխման եւ այլն, եւ ատիկա պէտք չէր այդպէս ըլլար»:

Յիշեցնենք, որ Հաճիեւ վերջերս բռնագրաւուած Արցախ այցելած օտարերկրեայ դիւանագէտներուն առջեւ «աղուանական» հռչակած էր Դադիվանքի եւ Գանձասարի վանական համալիրները` մեծ վրդովմունք յառաջացնելով հայ հասարակութեան մէջ:

 

 

Leave a Comment