Ապտել Մասիհ. «Ընտրութիւնները Մէկ Տարիով Յետաձգելու Օրինագիծ Պիտի Առաջարկեմ»

Երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մասիհ խորհրդարանին մէջ 2026 թուականի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին յայտնեց, որ անոր դէմ պիտի քուէարկէ:

Երեսփոխանը նաեւ նշեց. «Յստակ է, թէ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի չունենան: Ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգելու յստակ օրինագիծ մը պիտի առաջարկեմ, որպէսզի լիբանանցիներուն սուտ խօսիլը չշարունակուի»:

Ան նաեւ հարց տուաւ. «Ժամանակը չէ՞, որ լիբանանեան բանակն ալ օրինակ եգիպտական բանակին նման գործարաններ եւ եկամուտներ ունենայ»:

 

 

Leave a Comment