Պասիլ. «Ցաւալի Է Այսօր Լիբանանը Շրջակայքի Տագնապներէն Զանց Կացուցելու Եւ Պաշտպանելու Փոխարէն Նոր Քանդումի Ներքաշելու Կրկնութիւնը Տեսնել»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ Հըզպալլայի հետ փոխհասկացողութեան հիմքը կուսակցութեան ընտրանքներն ու զէնքը` գործընկերութեան, պետութեան կառուցման եւ Լիբանանը պաշտպանելու ճամբով լիբանանեան դարձնել էր:

«Փոխհասկացողութիւնը տապալեցաւ, երբ այս հիմքերը տապալեցան», նշեց ան:

«Պայքարի հրապարակներու միութիւնն ու Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմը քանդեցին կուսակցութիւնն ու Լիբանանը, ինչպէս նաեւ տապալեցին զէնքին զսպիչ պարտականութիւնը», ըսաւ երեսփոխանը:

«Ցաւալի է այսօր Լիբանանը շրջակայքի տագնապներէն զանց կացուցելու եւ պաշտպանելու փոխարէն զայն նոր քանդումի ներքաշելը տեսնել», աւելցուց Պասիլ:

Leave a Comment