Պայրագտարեան Մրցանակակիր Լիբանանցի Մարզիկներ Պատուեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արտասահմանի մէջ մարզական մրցաշարքերու մէջ ձեռքբերումներ արձանագրած լիբանանցի մարզիկներու իր քաջալերման ծիրին մէջ պատուեց շարք մը ֆետերասիոններէ խումբ մը մարզիկներ եւ վարչական պատասխանատուներ:

Ասիկա 5-րդ անգամն էր, որ նախարարը մեծարելու համար կ՛ընդունէր արտասահմանի մէջ ձեռքբերումներ արձանագրած մարզիկներ:

Ուշագրաւ էր շարք մը ծնողներու ներկայութիւնը. քայլ մը, որ ցոյց կու տայ լիբանանցի ընտանիքին մարմնակրթութիւնը իբրեւ իրենց զաւակներու կրթութեան ու դաստիարակման միջոց որդեգրումը:

Մեծարուողները իրենց շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը արտայայտեցին նախարարութեան այս քայլին նկատմամբ եւ անոր մէջ տեսան ապագայ մարզական ձեռքբերումներ արձանագրելու բարոյական խթան մը:

Leave a Comment