Սէյիտ Ֆատլալլա. «Թշնամիին Լիբանանէն Ուզածը Զինաթափումէն Աւելին Է»

Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա զգուշացուց «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ սիոնական ախորժակներէն` սկսելով բռնագրաւեալ Պաղեստինի հետ սահմանին վրայ արգելակիչ ու ապահովական գօտի ստեղծելու ձգտումէն, հասնելով մինչեւ ճնշումի եւ շարունակուող յարձակումի ճամբով Լիբանանին յարաբերութիւններու բնականոնացում պարտադրելու փորձերը»:

«Թշնամիին Լիբանանէն ուզածը զինաթափումէն աւելին է», շեշտեց սէյիտ Ֆատլալլա:

Ան ցաւ յայտնեց «ներքին ձայներուն համար, որոնք թշնամիին յարձակումը կ՛արդարացնեն անձնական եւ եսասիրական շահեր իրագործելու համար, ինչ որ կը տկարացնէ ներքին միասնականութիւնը եւ կայունութիւնը կը հարուածէ»:

«Շիի իսլամները այս հայրենիքի հիմնական բաղադրիչներէն են, եւ զանոնք կարելի չէ մեկուսացնել կամ լուսանցքայնացնել: Անոնք Լիբանանի պատմութեան ընթացքին երկրին համար զոհողութիւններ կատարած են` պաշտպանելով անոր գերիշխանութիւնը», նշեց Ֆատլալլա:

«Անոնք սեփական կամ այս կամ այն պետութեան պատկանող ծրագիր մը չունին: Անոնց ծրագիրը արդար պետութիւնն է, քաղաքացիութեան եւ մարդու հայրենիքը: Անոնք նախանձախնդիր են իրենց արաբական շրջապատին բացուելու եւ անոր հետ հաղորդակցելու», սէյիտ Ֆատլալլա:

 

Leave a Comment