Աուն. «Նահատակներու Յիշատակը Յարգելը Խոստումի Վերանորոգում Է, Թէ Կատարուած Զոհաբերութիւնները Ապարդիւն Պիտի Չմնան»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտարարեց. «Մայիսի 6-ին ամբողջ Լիբանանը` հեռաւոր հիւսիսէն մինչեւ հեռաւոր հարաւ, ակնածանքով եւ հաւատարմութեամբ կը կանգնի այն հոգիներուն առջեւ, որոնք ամէն ինչ զոհաբերեցին, որպէսզի մենք կարենանք հայրենիք ունենալ»:

«Նահատակներու տօնը պարզապէս օրացոյցին մէջ կանգառ մը չէ, այլ վերանորոգում մը խոստումի, թէ կատարուած զոհաբերութիւնները ապարդիւն պիտի չմնան», ըսաւ ան:

«Այսօր այս յիշատակը կը նշենք, մինչ մեր հայրենիքը հսկայական փոթորիկներ եւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Ընթացող պատերազմը մեր խիղճին մէջ խոր վէրքեր ձգեց, անգին նահատակներ արձանագրուեցան, եւ անոնց անունները մեր արդի պատմութեան մէջ իբրեւ փարոս պիտի մնան», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

«Նահատակաց օրուան ընթացքին յատուկ կերպով կը նշենք մամլոյ եւ լրատուամիջոցներու նահատակներուն յիշատակը: Հպարտութեամբ ու պարծանքով կը դիտենք ներկայ դէպքերուն հետեւելու ընթացքին մեր լիբանանեան լրատուամիջոցներուն ցոյց տուած քաջութիւնը: Նահատակուեցան լրագրողներ, որոնք մերժեցին ձայնով ու նկարով չփոխանցել տեղի ունեցածը: Անոնք իրենց կեանքերը վճարեցին` իբրեւ սրբազան առաքելութեան գին», աւելցուց ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց. «Մարտի դաշտին մէջ հոսած լրագրողներու արիւնը կենդանի վկայ մըն է, թէ Լիբանանի մէջ խօսքը պարտութեան պիտի չմատնուի, եւ խօսքի ազատութիւնը, որ կ՛ուզենք, որ պատասխանատու եւ արդար ազատութիւն մը ըլլայ, մեր գոյութեան սիւնն է, որ մեր ամբողջ ուժով պիտի պաշտպանենք»:

Leave a Comment