Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանը դէպի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում չ՛երթար, այլ` դէպի խաղաղութիւն:
Սալամ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Լիբանան Իսրայէլի հետ ուղղակի կերպով կը բանակցի:
«Լիբանան յաջողեցաւ հաստատել, որ ինքն իր համար կը բանակցի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ լիբանանեան հոլովոյթը Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններու հոլովոյթէն ամբողջովին անջատ է», նշեց վարչապետը:
Ան շեշտեց անհրաժեշտութիւնը Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու, ինչպէս նաեւ ներքին բանակցութիւններու` պետութեան իշխանութեան տարածման, զէնքի մենաշնորհման եւ «Հայրենիքի վահան» ծրագիրի գործադրութեան հասնելու համար:
Սալամ նշեց, որ նախկին պատերազմի ընթացքին ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ կրակոցի տակ բանակցութիւն կատարուեցաւ եւ նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութիւնը գոյացաւ:
Վարչապետը նաեւ յայտարարեց, որ կառավարութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրը եւ զայն պիտի արդիականացնէ` մեկնելով վերջին ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցածէն:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ հսկողութեան, զեկուցումներու պատրաստութեան, փաստահաւաքի եւ գետնի վրայ համակարգումի համար միջազգային ուժի կարիք ունինք. խաղաղապահ եւ եւրոպական մասնակցութեամբ հսկողութեան ուժ մը, որ Մեքանիզմի յանձնախումբին հետ համակարգում կը կատարէ», ըսաւ ան:
«Բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի ունեցած ուժի աղբիւրները իր հողին նկատմամբ օրինական իրաւունքը, արաբական ու միջազգային աջակցութիւնը, Ուաշինկթընի մէջ լսող ականջներ ունենալն ու համաշխարհային հանրային կարծիքի զօրակցութիւնն են», յայտնեց Սալամ: