Պըրրի. «Իմ, Նախագահին Եւ Վարչապետին Միջեւ Յարաբերութիւնը Ամուր Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ իր, հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են, եւ կայունութեան ամրապնդման համար կարեւոր է այդ յարաբերութիւններուն պահպանումը»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:

«Արաղչին (Իրանի արտաքին գործոց նախարար, «Ա.») մեզի ըսաւ, թէ Լիբանանը Ուաշինկթընի հետ զինադադարի որեւէ համաձայնութեան մաս կը կազմէ», ըսաւ Պըրրի:

«Յոյս ունինք, թէ իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւնները մօտ օրէն դրական աւարտ կ՛ունենան», նշեց խորհրդարանի նախագահը:

«Իսրայէլ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութիւնը խախտեց, հակառակ այն իրողութեան, որ Հըզպալլան զայն յարգեց», աւելցուց ան:

«Անոր (Իսրայէլի, «Ա.») հետ լիբանանեան որեւէ համաձայնութիւն կարիքը ունի երաշխիքներու, որովհետեւ անիկա իր խոստումները չի յարգեր», շեշտեց Պըրրի:

«Ներկայ պայմաններուն մեր յոյսը կը կապենք ներքին միասնականութեան եւ արաբական ծածկոյթին», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը:

 

Leave a Comment