Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց. «Աշխարհի ղեկավարներէն 20-25-ը իրողապէս ընդունեցին Խաղաղութեան խորհուրդին մաս կազմել»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ան նշեց. «Այժմ իրանցիներուն հետ չենք բանակցիր, սակայն անոնց հետ կապի մէջ ենք»: Ուիթքոֆ նաեւ յայտարարեց. «Վաղը` հինգշաբթի, Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենամ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ»: Ամերիկացի պատուիրակին համաձայն, ռուսական կողմը խնդրած է … Read more

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան 20 յունուարին, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այսօր Հայաստան` իբրեւ պետութիւն չկայ, կայ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինած կալուածը: Ռուստամեան անդրադարձաւ «Թրամփի ճամբայ» ծրագիրին եւ ըսաւ, որ այս վիճակով այդ ծրագիրը ընդունելի չէ իրենց համար: Բայց, բնականաբար, կարելի է բանակցիլ, եթէ Հայաստան … Read more

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց պատուոյ հիւպատոսները` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Սինկափուրի պատուոյ հիւպատոս Ժոզեֆ Հպէյսի: «Ձեզի կը վստահինք պարտականութիւնը Լիբանանի իսկական պատկերը փոխանցելու ձեր ներկայացուցած պետութիւններուն, եւ ոչ թէ այն պատկերը, զոր ոմանք դիտաւորեալ կերպով կ՛աղաւաղեն կամ անոր իրականութիւնը կը փոխեն», ըսաւ ան: «Ինչպէս արդէն ըսած եմ, Լիբանան ճիշդ ուղիի վրայ է` հակառակ մարտահրաւէրներուն … Read more

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

Սուրիական իշխանութիւններուն սանձազերծած տարածքներու, ռազմական առումով քրտազերծման արշաւը թէեւ զինադուլային կանգառներ կ՛արձանագրէ, այդուհանդերձ իբրեւ մեծ ծրագիր կը շարունակուի: Իրադարձութիւններու ընթացքը այնպէս կը համոզէ, որ Հալէպի շրջակայքի քրտաթափումով կանգ չ՛առներ այն ծրագիրը, որ մշակած են սուրիական իշխանութիւնները եւ հիմնականին մէջ անոնց ետին կանգնած ուժերը: Շատ կ՛արծարծուի քրտական գործօնին նկատմամբ ամերիկեան ռազմավարութեան շրջադարձի մասին: Կանուխ է այդ … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի, 20 յունուար 2026-ին, Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պետական երեսփոխաններ եւ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան` իր քաղաքական ու տնտեսական … Read more

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Սուրիոյ, Քիւրտիստանի Եւ Եւրոպայի Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Դիմադրութեան Մասնակցելու

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատարութիւնը «Սուրիոյ, Քիւրտիստանի հիւսիսի, հարաւի եւ արեւելքի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի բոլոր քիւրտերուն» կոչ ուղղեց` Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն դէմ «թրքական յարձակումներու մագլցումին լոյսին տակ», «միանալու Սուրիոյ մէջ դիմադրութեան շարքերուն: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտնեցին, որ իրենց շրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը 6 յունուարէն ի վեր յարձակումներու կ՛ենթարկուին` ընդգծելով, որ իրենց ուժերը կը շարունակեն «քաջաբար եւ … Read more

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանը ընդունած է Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու Միացեալ Նահանգներու հրաւէրը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիան աւելցուց, որ իր երկրին որոշումը կ՛արտացոլէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ առաջարկած քսան … Read more

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ան դեսպաններուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Մէկ տարի եւ տասը օր առաջ ես ստանձնեցի կառավարումը երկրի մը, որ խորապէս վիրաւորուած էր: Հակառակ անոր որ նախապէս կ՛ընդգծեմ, որ ես պատասխանատուութիւնը չեմ դներ անորոշ հասկացողութիւններու վրայ, … Read more

Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»

«Ոեւէ մարդ, որ ծանօթ է Եւրասիական տնտեսութեան միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան գործունէութեան սկզբունքներուն, տեղեակ է, որ կարելի չէ Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն անցնելով ԵԱՏՄ-ի անդամ մնալ»: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` մեկնաբանելով Հայաստանի եւրոպական համարկման հեռանկարները: «Այս հարցը ես բազմիցս քննարկած եմ … Read more

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաւէր ստացած է միանալու Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին, եւ այդ կարելիութիւնը կ՛ուսումնասիրուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Իսկապէս, նախագահ Փութին նոյնպէս դիւանագիտական ուղիներով առաջարկ ստացած է միանալու այս Խաղաղութեան խորհուրդին: Մենք ներկայիս կ՛ուսումնասիրենք այս առաջարկի բոլոր մանրամասնութիւնները: Յոյս ունինք կապ … Read more