Չինաստանի Եւ Ռուսիոյ Աճող Դերը Միջին Արեւելքի Մէջ. Աշխարհաքաղաքական Վերադասաւորումներ` Բազմաբեւեռ Աշխարհակարգի Դարաշրջանին

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Միջին Արեւելքը պատմականօրէն համաշխարհային աշխարհաքաղաքականութեան առանցքային տարածքներէն մէկը եղած է` շնորհիւ իր ռազմավարական աշխարհագրական դիրքին, բնական հարստութիւններուն, կրօնական նշանակութեան եւ Ասիան, Եւրոպան ու Ափրիկէն իրարու կապող հանգոյցի դերակատարութեան: Տասնամեակներ շարունակ շրջանը գտնուած է արտաքին մեծ ուժերու մրցակցութեան կիզակէտին մէջ, իսկ Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք Միացեալ Նահանգները վերածուեցան շրջանի գերիշխող արտաքին դերակատարի` ձեւաւորելով անվտանգային … Read more

Պատնէշել Գահավիժումը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ներելի՞ էր պատրանք ունենալ, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը օրէնքներու ճշգրիտ գործադրութեամբ արդար որոշում կը կայացնէ: Առնուազն կը վերահաստատէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ստացած բովանդակ ձայները եւ անոր վերադարձնէ Ազգային ժողովի հինգ պատգամաւորի իրաւունքը: Պատրանքը չիրականացաւ. Սահմանադրական դատարանը լակոնական որոշումով մը վերահաստատեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի բաշխումը: Իններորդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը կ՛ունենայ 64 … Read more

Բացական – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ Կու գայ պահըԵւ աչքերուդ մէջ բացականկը մնամ ես միմիայն։Անծանօթի քունքերն ի վարկաթող անձրեւն անընդհատզիս կը փակէԴուռներու արտասովոր լռութեամբ,ինչպէս քայլե՛րդ խոնաւ՝ նոյեմբերի վերջերուն,Ինչպէս ծիծա՛ղը դէմքիդ՝ օտարի ցուրտ այտերուն։Մէկը երկչոտ կը հակիէջերուն վրայ շրթներուդ՝վերջալոյսի շշուկներն ընթեռնելու։Կը շիկնի քար մը յանկարծ,մեր մթագնող մենութեանցտարածքները ցոյց տալու…Բոլոր գոյներն անանունկը ձայնակցինմանուշակի մը տարաժամ ստուերին։Լռութեանդ ծաւալով՝գիշերը զիս կը խուզարկէ լռելեայն,իր … Read more

«Ազդակ»-ի Մատենաշարի Ցանկի Ամբողջացման Աշխատանք

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը վերջին տարիներուն ձեռնարկած էր «Ազդակ»-ի թերթօն-մատենաշարի հաւաքածոն համալրելու աշխատանքին: Մեր ընթերցողներուն ուղղուած կոչերուն  ընդառաջ, ուրախ ենք յայտնելու, որ հաւաքածոյի նկատառելի թիւ մը (ներկայացուած ստորեւ) տեղ գտան «Ազդակ»-ի գրադարանին մէջ: Հետաքրքրական է, որ յատկապէս թերթօններու պարագային, օրուան ընթերցողները հաւաքած են զանոնք օրը օրին եւ կազմած իբրեւ առանձին հատոր: «Ազդակ»-ի մատենաշարի ընդհանուր ներկայացումը` թեմաներ, հեղինակներ, … Read more

Ալիեւը Հարցը Հասցուց ՄԱԿ` Պահանջելով 300 Հազար Ազրպէյճանցիներու Վերաբնակեցումը Հայաստանի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը օրէ օր կը սաստկացնէ ճնշումը Փաշինեանի վրայ` Հայաստանէն նորանոր զիջումներ խլելու համար: Փաշինեանն ու Ալիեւը տարբեր դրդապատճառներով յառաջ կը մղեն, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան ծրագիր»-ը: Փաշինեանի նպատակն էր յունիս 7-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ապահովել հայ ընտրողներու քուէները եւ պահպանել իշխանութիւնը` մոլորեցնելով զանոնք` իբր թէ խաղաղութիւն հաստատած է: Միւս կողմէ` Ալիեւ բոլորովին այլ … Read more

Եկո՛ւր, Գաւաթ Մը Սուրճ Խմենք… – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ Այս առաւօտ, սուրճի տաքուկ գաւաթը ձեռքիս, պատուհանին մօտ նստած էի: Գոլորշին դանդաղ կը բարձրանար, իսկ անոր բոյրը կարծես զիս տարիներ ետ կը տանէր` դէպի հանդիպումներ, զրոյցներ, յիշատակներ ու դէպքեր, զորս ժամանակը չէր կրցած մաշեցնել: Այդ պահուն մտածեցի, թէ որքա՛ն մեծ խորհուրդ կրնայ ունենալ այս փոքրիկ գաւաթը: Ան պարզ ըմպելիք մը չէ. ան … Read more

«Ծաղիկով Աղջնակ Մը» (Լռութեան մէջ հնչող խաղաղութեան պատգամ մը)

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ «Ծաղիկով աղջնակ մը» (Fillette à la fleur, 1970) — Ուրսուլա Մալպինի պղնձաձոյլ քանդակը. Սէն–Ժան զբօսայգի, Ժընեւ։ Աւելի քան երեսուն տարի է, որ կ’ապ­րիմ Ժընեւ ու կը բնակիմ Սէն-Ժան (Saint-Jean) զբօսայգիին մօտակայքը։ Երկու զաւակներս յաճախած են զբօ­սայգիին յարակից Seujet դպրոցը։ Բազ­միցս անցած եմ այս զբօսայգիէն աշ­խատանքի երթալու ճանապարհին, յա­ճախ գտնուած եմ այնտեղ … Read more

«Ծաղիկով Աղջնակ Մը» (Լռութեան մէջ հնչող խաղաղութեան պատգամ մը)

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ «Ծաղիկով աղջնակ մը» (Fillette à la fleur, 1970) — Ուրսուլա Մալպինի պղնձաձոյլ քանդակը. Սէն–Ժան զբօսայգի, Ժընեւ։ Աւելի քան երեսուն տարի է, որ կ’ապ­րիմ Ժընեւ ու կը բնակիմ Սէն-Ժան (Saint-Jean) զբօսայգիին մօտակայքը։ Երկու զաւակներս յաճախած են զբօ­սայգիին յարակից Seujet դպրոցը։ Բազ­միցս անցած եմ այս զբօսայգիէն աշ­խատանքի երթալու ճանապարհին, յա­ճախ գտնուած եմ այնտեղ … Read more

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գահակալութեան 31-ամեակին Առիթով. Արամ Ա. Վեհափառի Տեսլականն ու Վկայութիւնը

ԿԻՐԱԿՈՍ (ԿԱՐՕ) ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Այս տարի կը լրանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակը։ Երեսունմէկ տարիներ շարունակ ան իր անձին, խօսքին, տեսլականին եւ հաւատքին ուժով եղած է ոչ միայն մեր եկեղեցւոյ հովիւը, այլեւ գաղափարի, արժէքի, ազգային պատասխանատուութեան եւ դիմադրող ոգիի դրօշակիրը։ Թէեւ այս յօդուածը հայերէն եւ արաբերէն հրատարակուած է 2017-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց … Read more

Մինչեւ Ե՞րբ Այսպէս – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Հայկական նորագոյն մղձաւանջին սկիզբը յայտնի է, իսկ վերջը դեռ նախատեսելի չէ: Բայց ժողովրդային տրամաբանութիւնը կ’ուսուցանէ, թէ ինչ որ ատենին օր մը սկսած է, օր մըն ալ պարտադրաբար վերջ պիտի գտնէ. գէթ՝ մակերեսային բաժինը: Ամէն ինչ սկսաւ դատարաններով, զանոնք հակակշիռի տակ առնելու փորձերով: Նախ՝ անոնց գործունէութիւնը առժամաբար խանգարելով: Մէկ օր բաւարար եղաւ անոնց աչքը … Read more