«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը վերջին տարիներուն ձեռնարկած էր «Ազդակ»-ի թերթօն-մատենաշարի հաւաքածոն համալրելու աշխատանքին: Մեր ընթերցողներուն ուղղուած կոչերուն ընդառաջ, ուրախ ենք յայտնելու, որ հաւաքածոյի նկատառելի թիւ մը (ներկայացուած ստորեւ) տեղ գտան «Ազդակ»-ի գրադարանին մէջ: Հետաքրքրական է, որ յատկապէս թերթօններու պարագային, օրուան ընթերցողները հաւաքած են զանոնք օրը օրին եւ կազմած իբրեւ առանձին հատոր:
«Ազդակ»-ի մատենաշարի ընդհանուր ներկայացումը` թեմաներ, հեղինակներ, բովանդակութիւն, կու տանք մեր էջերով: Յայտնենք, որ մեր մօտ գտնուողներէն առաջին թիւը 1932-ին է, իսկ վերջինը` 1983-ին: 1983-էն ետք լոյս տեսած քանի մը հատոր եւս պիտի ամբողջացնեն ընդհանուր ցանկը:
«Ազդակ»-ի մատենաշարի իրենց անձնական հաւաքածոներէն մեր գրադարանին հատորներ նուիրեցին Յակոբ Բագրատունին, Տիգրան Ճինպաշեանը, Կարօ Պայթարեանը, Խաչիկ Տէտէեանը, Րաֆֆի Թաշճեանը, Սեդա Ունճեան-Խտըշեանը եւ Վերա Կոստանեանը: Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի տնօրինումով «Տէրեան» գրադարանը «Ազդակ»-ին յանձնեց իր մօտ գտնուող հատորներէն կրկնօրինակներ: Հատորներու նկատելի թիւ մը ստացանք նաեւ «Գոհար» հանրային գրադարանէն:
Հաւաքածոն ամբողջացնելու աշխատանքը կը շարունակուի: Անոնք, որոնք կ՛ուզեն համալրման աշխատանքին մասնակցիլ, կը խնդրենք, որ կապուին «Ազդակ»: Եթէ մեր ընթերցողներուն մօտ կան այս ցանկէն պակսող հատորներ, գոհ կ՛ըլլանք, որ յանձնեն «Ազդակ»-ին, որպէսզի պատճէնահանուին, եւ մայր օրինակները վերադարձուին իրենց:
Լիայոյս ենք, որ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել առաւելագոյն համալրումը այս ցանկին: Բոլոր հրատարակութիւնները նաեւ պիտի թուայնացուին:
