Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գահակալութեան 31-ամեակին Առիթով. Արամ Ա. Վեհափառի Տեսլականն ու Վկայութիւնը

ԿԻՐԱԿՈՍ (ԿԱՐՕ) ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Այս տարի կը լրանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակը։ Երեսունմէկ տարիներ շարունակ ան իր անձին, խօսքին, տեսլականին եւ հաւատքին ուժով եղած է ոչ միայն մեր եկեղեցւոյ հովիւը, այլեւ գաղափարի, արժէքի, ազգային պատասխանատուութեան եւ դիմադրող ոգիի դրօշակիրը։

Թէեւ այս յօդուածը հայերէն եւ արաբերէն հրատարակուած է 2017-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցայ բացման արարողութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան առիթով, սակայն անոր մէջ ամփոփուած դիտարկումները եւ զգացումները այսօր եւս կը պահեն իրենց թարմութիւնը, արդիականութիւնն ու խորքէն եկող ճշմարտութիւնը։ Այստեղ գրուած տողերը կը շարունակեն արտայայտել նոյն հիացմունքն ու յարգանքը, որոնցմով կը դիտուի Արամ Ա. Վեհափառի անձը՝ իբրեւ հաւատքի, իմաստութեան, նորարար մտածողութեան եւ բարենորոգման կենդանի խորհրդանիշ։

Անցնող տարիներուն եւս Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց իր ծառայութիւնը նոյն եռանդով ու տեսլականով՝ նոր նախաձեռնութիւններով հարստացնելով եկեղեցական, ազգային, բարձրաձայնել հայ ժողովուրդի իրաւունքները, պաշտպանել միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կեանքը։ Ան շարունակեց արդարութիւնը, նպաստել երկխօսութեան մշակոյթին եւ նոր սերունդներուն փոխանցել հաւատքի ու ծառայութեան արժէքները։

Այս յօդուածը, որ գրուած էր իննը տարի առաջ, այսօր կը վերահրատարակուի Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակին առիթով՝ որպէս երախտագիտութեան, գնահատանքի եւ յարգանքի համեստ արտայայտութիւն մը՝ նուիրուած այն հոգեւոր առաջնորդին, որ շարունակաբար կը ներշնչէ իր ժողովուրդը հաւատքով, յոյսով եւ պատասխանատու ծառայութեամբ։

Երբ 2017-ին գրեցի այս տողերը, նպատակս էր արաբ ընթերցողին ներկայացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի մտածողութեան, տեսլականին եւ վերանորոգչական ոգիին որոշ երեսակները։ Այսօր, իննը տարիներ անց, եւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակին առիթով, պարտք կը զգամ քանի մը նոր դիտարկումներ աւելցնել։

Անցնող տարիները հայ ժողովուրդին համար եղան փորձութիւններով, անորոշութիւններով եւ ճակատագրական զարգացումներով լի ժամանակաշրջան։ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը դիմագրաւեցին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց դիմաց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց իր հաւասարակշռուած, սկզբունքային եւ հեռատես առաջնորդութիւնը։ Ան ոչ միայն հետեւեցաւ իր ժողովուրդի ցաւերուն ու մտահոգութիւններուն, այլեւ բազմիցս բարձրաձայնեց արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու արժանապատուութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։

Միաժամանակ, ան շարունակեց իր ծառայութիւնը համաքրիստոնէական եւ միջկրօնական ոլորտներուն մէջ կամուրջներ կառուցելով եկեղեցիներու, կրօնական համայնքներու եւ մշակոյթներու միջեւ։

Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ ան մնաց Հայ Եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդի եւ ընդհանրապէս մարդկային արժէքներու վստահելի ներկայացուցիչը։

Այս տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւս շարունակեց իր վերանորոգման ընթացքը՝ կրթական, մշակութային, երիտասարդական, ընկերային եւ հոգեւոր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով։ Այս բոլորը կը վկայեն, որ «վերանորոգում»ը Վեհափառ Հայրապետին համար բնաբան կամ կարգախօս մը չէ միայն, այլ կեանքի եւ ծառայութեան մնայուն ընթացք։

Այս իսկ պատճառով, տարիներ առաջ գրուած սոյն տողերուն վերահրատարակութիւնը կը նկատուի ոչ թէ անցեալի սովորական յիշատակ մը, այլ՝ ներկայ հիացիկ իրականութեան հաստատումը։ Այն ակնածանքը, յարգանքն ու բարձր գնահատանքը, որոնք արտայայտած էի այդ օրերուն, այսօր եւս կը մնան նոյնքան անկեղծ ու հիմնաւոր։ Անոնց կենդանի վկայութիւնն ու խորախորհուրդ արձագանգը հանդիսացաւ այսօր՝ 26 / 6 / 2026ին,  Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցած հանդիսաւոր աղօթքի ընթացքին։

Արդարեւ, սրբազան այս տաճարին մէջ, մեծ շուքով ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հօր նուիրուած Հայրապետական Մաղթանքը։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան համար հոգեկան անսահման բերկրանք եւ բարեփաստիկ առիթ էր մասնակից դառնալ այս հոգեպարար արարողութեան, որուն միակ նպատակն էր ջերմեռանդ աղօթք եւ հայց վերառաքել առ Բարձրեալն Աստուած՝ Վեհափառ Հայրապետի բարօրութեան, արեւշատութեան եւ անսասան առողջութեան համար։

Այս սրբազան տօնախմբութեան առթիւ, արդար երախտագիտութեան եւ բարձր գովասանքի յատուկ խօսքի արժանի են Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ արժանապատիւ հոգեւորական դասն ու շնորհալի դպրաց դասը։ Անոնք իրենց աղօթաշատ, ներդաշնակ ու հոգեպարար,շարականներու հարազատ երգեցողութեամբ եւ անթերի կազմակերպուածութեամբ՝ վեհաշուք ու աստուածահաճոյ մթնոլորտ մը պարգեւեցին սոյն արարողութեան՝ իւրաքանչիւր հայորդիի հոգին լեցնելով սրբազան երկիւղածութեամբ եւ հոգեւոր զարթօնքով։

Կը շնորհաւորենք Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակը՝ մաղթելով, որ Աստուած շարունակէ զօրացնել իր առաքելութիւնը եւ առաջնորդէ զինք նորանոր յաջողութիւններու՝ ի սպաս մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին եւ համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան։

 Քուէյթ

 

Leave a Comment