Եկո՛ւր, Գաւաթ Մը Սուրճ Խմենք… – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ

Այս առաւօտ, սուրճի տաքուկ գաւաթը ձեռքիս, պատուհանին մօտ նստած էի: Գոլորշին դանդաղ կը բարձրանար, իսկ անոր բոյրը կարծես զիս տարիներ ետ կը տանէր` դէպի հանդիպումներ, զրոյցներ, յիշատակներ ու դէպքեր, զորս ժամանակը չէր կրցած մաշեցնել: Այդ պահուն մտածեցի, թէ որքա՛ն մեծ խորհուրդ կրնայ ունենալ այս փոքրիկ գաւաթը: Ան պարզ ըմպելիք մը չէ. ան կեանքի լուռ ուղեկիցն է, որ կը մասնակցի մեր ուրախութիւններուն, մեր տխրութիւններուն, մեր որոշումներուն եւ մեր յուշերուն:

Ու այդ խոհերէն ծնաւ այս հարցումը. ի՞նչ խորհուրդ կը պահէ իր մէջ գաւաթ մը սուրճը…

Գաւաթ մը սուրճի շուրջ շատ աւելի բաներ կը պատրաստուին, քան սուրճը` ինքը: Հոն կը ծնին առաջին ծանօթացումները, որոնք տարիներու ընթացքին անքակտելի բարեկամութիւններու կը վերածուին: Հոն կը հնչեն սիրոյ առաջին խօսքերը, որոնք երբեմն ամբողջ ընտանիքներու հիմքը կը դառնան: Սուրճի բոյրին հետ կը խառնուին յոյսերը, երազները եւ ապագայի ծրագիրները:

Գաւաթ մը սուրճի շուրջ գործնական համաձայնութիւններ կը կնքուին, դժուար հարցերու լուծումներ կը փնտռուին, կարեւոր որոշումներ կը տրուին: Շատ անգամ սեղանին վրայ դրուած այդ փոքրիկ գաւաթը լուռ վկայ եղած է պատմութիւններու, որոնց արձագանգը տարիներ շարունակ մնացած է մարդոց կեանքին մէջ:

Սակայն սուրճի սեղանը միայն ուրախութեան վայր չէ: Ան նաեւ ապաւէն եղած է տխուր պահերու: Հոն արցունքներ հոսած են, վիշտեր բաժնեկցուած, մխիթարութեան խօսքեր փոխանակուած: Երբեմն մարդ  իր սրտին ամբողջ ծանրութիւնը թեթեւցուցած է հաւատարիմ բարեկամի մը հետ բաժնած գաւաթ մը սուրճի ընթացքին:

Սուրճը կարծես կամուրջ մըն է մարդոց միջեւ: Ան լռութիւնը կը խօսեցնէ, հեռաւորները կը մօտեցնէ, սրտերը կը բանայ եւ յիշատակներ կը ստեղծէ: Անոր շուրջ անցած պահերը շատ անգամ աւելի երկար կ՛ապրին, քան` սուրճին համը:

Ահա թէ ինչո՛ւ գաւաթ մը սուրճը պարզ ըմպելիք մը չէ. ան հանդիպումներու, որոշումներու, յիշողութիւններու, կարօտի, սիրոյ եւ մարդկային ջերմութեան փոքրիկ, բայց խորախորհուրդ խորհրդանիշ մըն է: Բազմաթիւ պատմութիւններ սկսած են անով, եւ բազմաթիւ յիշատակներ անոր բոյրով կը շարունակեն ապրիլ մարդկային հոգիներուն մէջ:

Եւ երբեմն, տարիներ անց, մարդը այլեւս չի յիշեր, թէ սուրճը որքա՛ն քաղցր էր կամ որքան դառն, բայց կը յիշէ այն դէմքերը, որոնք իր դիմաց նստած էին, այն խօսքերը, որոնք լսած էր, եւ այն զգացումները, որոնք ապրած էր:

Գաւաթ մը սուրճի շուրջ սերունդներ իրարու հանդիպած են: Մեծ մայրերը իրենց յուշերը պատմած են, պապերը` կեանքի դասեր փոխանցած, իսկ երիտասարդները` ապագայի իրենց երազները բացած: Այսպէս, սուրճը միայն պահ մը չէ միացուցած մարդիկը, այլ նաեւ անցեալը` ներկային, եւ ներկան` ապագային:

Հայ կեանքին մէջ սուրճը երբեմն աւելի քան սովորութիւն եղած է: Ան դարձած է առիթ` դուռ մը բանալու, ձեռք մը սեղմելու, բարեկամ մը ընդունելու կամ կարօտ մը մեղմելու: Անոր շուրջ սկսած զրոյցները շատ անգամ ժամեր տեւած են, որովհետեւ սուրճը մարդոց միայն նստեցնելու չէ կոչուած, այլ` զիրենք իրարու մօտեցնելու:

Այս խոհերուն հետ կը յիշեմ նաեւ կեսուրս, որ հիւրին ներկայութեան իր փայլուն պղնձեայ ձեռքի սրճաղացով  կ՛աղար աղնձուած  սուրճը, որպէսզի թարմ բուրմունքով մատուցէ զայն: Այդ սրճաղացին մեղմ ձայնը հիւրընկալութեան մասն էր:

Շատեր այսօր ալ կը յիշեն ոչ միայն իրենց խմած սուրճին համը, այլ նաեւ` ձեռքի սրճաղացի այդ ծանօթ ձայնը, որ կը յուշէր, թէ սիրելի հիւր մը եկած էր տուն:

Գուցէ այդ պատճառով ալ սուրճը աւելի համով կը թուէր: Անոր մէջ կը խառնուէր ոչ միայն ընտիր հատիկին բոյրը, այլ նաեւ` տանտիկնոջ սէրն ու նուիրումը, որոնք ամէն գաւաթի հետ կը մատուցուէին հիւրին:

Այսօր  այդ սրճաղացը, որուն վրայ սկեսուրիս մատներուն հետքը դրոշմուած է, կը զարդարէ պահարանս` որպէս թանկ յիշատակ, իսկ անոր հետ` անցեալի ջերմ օրերուն յիշողութիւնը:

Ամենահամեղ կախարդական տաք սուրճի գաւաթը երբ սեղանին վրայ կը դնեն, կարծես անոր հետ կը մատուցուին նաեւ ուշադրութիւն, յարգանք եւ սրտբացութիւն: Գաւաթը փոքր է, բայց անոր պարունակած խորհուրդը` մեծ:

Ահա թէ ինչո՛ւ գաւաթ մը սուրճի ոդիսականը  չ՛աւարտիր անոր վերջին կումը խմելէ ետք: Ան կը շարունակուի յիշողութիւններուն մէջ, պատմուող պատմութիւններուն մէջ եւ այն ջերմ զգացումին մէջ, որ տարիներ անց անգամ կրնայ վերադառնալ` սուրճի բոյրի մը հետ:

Սակայն գաւաթ մը սուրճը նաեւ   առանձնութեան հաւատարիմ ընկերն է: Լուռ առաւօտներու, մտախոհ երեկոներու կամ յուշերով լեցուն գիշերներու ընթացքին մարդը իր գաւաթին հետ կը մնայ առանձին` իր խոհերուն, յիշատակներուն եւ ներաշխարհին դիմաց:

Այդ պահերուն սուրճը կարծես զրուցակից մը կ՛ըլլայ: Ան կը լսէ չարտասանուած խօսքերը, կ՛ընկերանայ մտածումներուն եւ երբեմն կը մեղմացնէ լռութեան ծանրութիւնը: Գաւաթէն բարձրացող գոլորշին կը նմանի յուշերու, որոնք դանդաղօրէն կը վերադառնան անցեալէն ու կը պարուրեն հոգին:

Բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ ծնած են գաւաթ մը սուրճի եւ առանձնութեան ընկերակցութեամբ: Բազմաթիւ գրողներ, բանաստեղծներ եւ մտածողներ իրենց ներշնչումը գտած են այդ լուռ պահերուն մէջ, երբ սեղանին վրայ միայն թուղթ մը, գրիչ մը եւ գաւաթ մը սուրճ կար:

Այսպէս, սուրճը կը դառնայ ոչ միայն մարդիկը միացնող կամուրջ, այլ նաեւ մարդու եւ անոր ներաշխարհին միջեւ կապ մը` օգնելով անոր լսելու սեփական հոգիին ձայնը:

Վերջապէս, այս բոլոր խոհերէն ետք, կը մնայ մէկ պարզ, բայց խոր իմաստ ունեցող հրաւէր մը:

Եկէ՛ք, գաւաթ մը սուրճի շուրջ նստինք բոլորս միասին:

Թող այդ գաւաթը ըլլայ հանդիպումի, զրոյցի, ժպիտի եւ լռութեան հաշտութեան վայր մը:

Թող այնտեղ չկորսուի մարդը մարդուն մէջ, եւ սիրտը` սրտին մէջ:

Որովհետեւ երբեմն ամբողջ պատմութիւն մը կրնայ սկսիլ պարզ մէկ նախադասութեամբ.

Եկո՛ւր, գաւաթ մը սուրճ խմենք…

 

 

Leave a Comment