Բացական – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ

Կու գայ պահը
Եւ աչքերուդ մէջ բացական
կը մնամ ես միմիայն։
Անծանօթի քունքերն ի վար
կաթող անձրեւն անընդհատ
զիս կը փակէ
Դուռներու արտասովոր լռութեամբ,
ինչպէս քայլե՛րդ խոնաւ՝ նոյեմբերի վերջերուն,
Ինչպէս ծիծա՛ղը դէմքիդ՝ օտարի ցուրտ այտերուն։
Մէկը երկչոտ կը հակի
էջերուն վրայ շրթներուդ՝
վերջալոյսի շշուկներն ընթեռնելու։
Կը շիկնի քար մը յանկարծ,
մեր մթագնող մենութեանց
տարածքները ցոյց տալու…
Բոլոր գոյներն անանուն
կը ձայնակցին
մանուշակի մը տարաժամ ստուերին։
Լռութեանդ ծաւալով՝
գիշերը զիս կը խուզարկէ լռելեայն,
իր մութին մէջ՝
ծոցատետրէս պոկուած էջը
ու ջնջուող դէմքիդ նշոյլը վրան։

 

 

 

Leave a Comment