Երեքշաբթի, 2 յունիսին եւ չորեքշաբթի, 3 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցան Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններ, որոնք շարունակութիւնն են հինգշաբթի, 14 մայիսին եւ ուրբաթ, 15 մայիսին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն, եւ գործադրութիւնը` անոնց ընթացքին գոյացած համաձայնութեան:
Երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին զինադադար հաստատելու, պայմանաւ որ Հըզպալլան իր կրակոցը դադրեցնէ, եւ անոր բոլոր անդամները տարհանուին Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող տարածքէն:
Մայիսեան նիստերու ընթացքին, 14 ապրիլին հաստատուած «թշնամական արարքներու դադրեցման» զինադադարը երկարաձգուած էր 45 օրով` «յաւելեալ յառաջընթացի արձանագրումը կարելի դարձնելու համար»: Այժմ կարելի է ըսել, որ այդ վերաբերեալ յաջողութիւն արձանագրուած է, որովհետեւ նոր համաձայնութեամբ ընդհանուր յայտարարութիւններու դաշտէն անցում կը կատարուի գործնական դաշտ. երկու կողմերը համաձայնած են «արագացնելու ստեղծումը փորձառական գօտիներու, ուր Լիբանանի զինեալ ուժերը պիտի ունենան տարածքի նկատմամբ բացառիկ վերահսկողութիւն` բացառելով բոլոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները»:
Այստեղ յատուկ կերպով կը նշուի «ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու», իմա` Հըզպալլայի, «բացառում»-ը, սակայն նշեալ «փորձառական գօտիներու» մէջ Լիբանանի զինեալ ուժերու «բացառիկ վերահսկողութիւն»-ը ինքնաբերաբար նաեւ իսրայէլեան ուժերու բացառում, այլ խօսքով, այդ ուժերու նշեալ գօտիներէն հեռացում կ՛ենթադրէ:
Ժողովէն ետք հրապարակուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ նաեւ նկատելի է Հըզպալլայի եւ Իրանի վերաբերեալ դիրքորոշումներու Լիբանան-Իսրայէլ մերձեցում մը, որ արդէն աւելի բացայայտ կերպով կ՛արտայայտուի Լիբանան-Իսրայէլ հոլովոյթին մէջ իրանեան գործօնի ազդեցութեան բացառման առնուազն դժուար իրագործելի խորագիրին տակ:
Երկու երկիրները հաստատեցին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութեան ապագան միայն երկու գերիշխան կողմերը կ՛որոշեն` մերժելով Լիբանանի ապագայի որոշման մէջ պետութիւններու կամ ոչ կառավարական կողմերու որեւէ միջամտութիւն»:
Երեք կողմերը դատապարտեցին` «Իրանեան յարձակումներն ու գործունէութիւնները, որոնք գործակատարներու աջակցութեան կամ որեւէ այլ թշնամական արարքի ճամբով կ՛ականահարեն Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը»: Այդպիսով, Իրանի կողմէ Հըզպալլայի ցուցաբերուող աջակցութիւնը հաւասարապէս Լիբանանի եւ Իսրայէլի նկատմամբ «թշնամական արարք» նկատուեցաւ:
Ուաշինկթըն անուղղակի կերպով Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցային հոլովոյթին ակնարկելով` շեշտեց, որ՛ «Թշնամական գործողութիւններու դադրեցման որեւէ համաձայնութիւն պէտք է ուղղակի կերպով երկու կառավարութիւններուն միջեւ ու ամերիկեան հովանաւորութեամբ գոյանայ, եւ ոչ թէ` որեւէ անջատ հոլովոյթի ճամբով»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բանակցութիւններէն ետք խոստովանեցաւ. «Կը փորձենք Հորմուզի նեղուցի բացման հարցն ու Լիբանանի մէջ կռիւի դադրեցումը իրարմէ անջատել»: Ան նաեւ Իրանի հետ զինադադարին ակնարկելով` ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարը աշխարհի վրայ այլ վայրերու մէջ զինադադարէն տարբեր է:
Այն իրողութիւնը, թէ բանակցութիւններու այս վերջին նիստերը կարելի դարձան առաջին հերթին Իրանի` Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններէն հեռանալու սպառնալիքի շնորհիւ, կ՛անհանգստացնէ ամերիկեան կողմը:
Ակնյայտ է, որ Թեհրանի ունեցած խաղաքարտն ու զայն շանթաժի համար գործածելը մեծ նեղութիւն կը պատճառէ Ուաշինկթընի, սակայն ատիկա իրողութիւն մըն է, որ յայտարարութիւններով չի չէզոքացուիր:
Իրան իր վճռական միջամտութեամբ փրկեց Հըզպալլան, որ չուշացաւ Իսրայէլի հետ զինադադարը մերժելու, ինչ որ իրատեսական գետնի վրայ հարցականի տակ կ՛առնէ ուաշինկթընեան համաձայնութեան կիրարկումն ու զինադադարի գոյատեւումը: Ահա թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութեան մասնակից Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լայթեր յոյս յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող զինադադարը կը տոկայ:
Միւս կողմէ` հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Լիբանան` «Վերահաստատեց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոխադարձ յարգման անհրաժեշտութիւնը»` այդպիսով բացայայտելով, որ Լիբանան մայիսեան նիստերուն ընթացքին արդէն իսկ ճանչցած է Իսրայէլը, թէեւ օրին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ այդ իրողութիւնը այլափոխուած կերպով ներկայացուած էր` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ մաղթանք, որ` «Այս քննարկումները տեւական խաղաղութեան ամրապնդման, երկու երկիրներու գերիշխանութեան ամբողջական ճանաչման եւ անոնց հասարակաց սահմանի երկայնքին իսկական ապահովութեան հաստատման առաջնորդեն»:
