Այսօր մենք անսահման հպարտութեամբ համախմբուած ենք հոս` տօնակատարելու հայոց արդի պատմութեան ամէնէն նուիրական եւ շրջադարձային թուականներէն մէկը` 28 մայիս 1918-ի սրբազան յաղթանակն ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման փառապանծ տարեդարձը:
Պատգամ բովանդակող ճակատագրական զուգադիպութեամբ, այս նուիրական թուականը կապուած է ծնունդին` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ), որ կեանքի կոչուեցաւ նոյն տարուան նոյեմբերին` դառնալով նորածին հանրապետութեան եւ վերածնող ժողովուրդին գաղափարական ու ֆիզիքական տոկունութեան հզօր սիւներէն մէկը:
Դիւրին ու հեզասահ չեղաւ անկախութեան նուաճումը:
Արդարեւ, մայիս 28-ի նախօրեակին հայութիւնը կը գտնուէր ծայրայեղօրէն աղէտալի, գրեթէ անյուսալի կացութեան մէջ:
Ցեղասպանութեան ականատես որբեր, մեծաթիւ գաղթականներ, համատարած սով, թշուառութիւն Երեւանի մէջ եւ երկրին մէջ ամէնուրեք տիրական էին: Նաեւ սնունդի եւ զէնք ու զինամթերքի ահաւոր պակասը, արտաքին դիւանագիտական յարաբերութիւններու դժուարութիւնը, իսկ արեւմտեան մեծ տէրութիւններու քար լռութիւնը կու գային ծանրացնելու արդէն իսկ տագնապալի վիճակը:
Թշնամին, օգտուելով իրեն նպաստաւոր այդ պայմաններէն, սրընթաց կը մօտենար Երեւանի սահմաններուն` վտանգը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
Մեր ժողովուրդը կանգնած էր ճակատագրական ընտրանքի մը դէմ յանդիման` կա՛մ համակերպիլ վերջնական պարտութեան, կա՛մ սեփական արեան գնով, միասնական կամքով ու հաւաքական ուժով կերտել անկախութիւն:
Բայց կային` հայու գոյատեւելու աննկուն կամքը, հայկական հողին կառչած մնալու բնազդը եւ հայրենիքի սէրն ու հայը հայ պահելու համոզումը: Ամէնէն կարեւորը` կային հաւատաւոր ու խիզախ հայ ժողովուրդ, հաւատաւոր ու քաջարի զինուոր եւ կային անձնուէր զօրավարներ ու առասպելական արամներ, արամմանուկեաններ:
Եւ այսպէս, բազմաթիւ ռազմաճակատներու վրայ հայութիւնը մղելէ ետք անհաւասար կռիւներ, ի վերջոյ մայիս 28-ի յարութեան եւ յաղթանակի աւետիսը սփռուեցաւ ամէնուրեք:
Այս լուսաւոր մթնոլորտը ա՛լ աւելի պիտի պայծառանար ու ջերմանար ամիսներ ետք ՀՄԸՄ-ին ծնունդով, որ օրուան կարիքներէն թելադրուած` իսկոյն լծուեցաւ որբախնամ նուիրական աշխատանքներուն, իսկ իբրեւ մնայուն նպատակակէտ` ճշդեց սերունդներու դաստիարակութեան վսեմագոյն առաքելութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Այսօր` 108 տարիներ ետք, երբ նայինք ներկայ կացութեան` սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս եւ Լիբանանի մէջ` յատկապէս, կը տեսնենք, որ հայութիւնը երանելի կացութեան մէջ չէ:
Կանգնած ենք բարդ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման` պատերազմական ահաւոր վիճակ, ընկերային բազում հարցեր, նիւթական ծանր պարտաւորութիւններ, հայկական դպրոցներու ջահը վառ պահելու խնդիրներ, հայկականը, հայ ընտանիքի արժէքները անաղարտ պահպանելու դժուարութիւն:
Հայութեան համար պայմանները այսօր ալ նպաստաւոր չեն:
Եւ եթէ 1918 մայիսին Երեւանի շրջակայքը հասած թշնամիին սուրն էր սպառնալիքը, այսօր Պէյրութի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Մոնրէալի կամ Սիտնիի մէջ մեր համայնքներուն սպառնացողը նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, վտանգաւոր ու ճգնաժամային է:
Հաւանաբար անտարբեր հայորդիի համար այս իրողութիւնը մտահոգիչ չէ, սակայն հոս համախմբուած ՀՄԸՄ-ականներուս եւ իւրաքանչիւր գիտակից հայու համար այլասերումը, օտարանալը կամ հայերէնն ու ազգային նկարագիրը արհամարհելը բացարձակապէս անընդունելի են:
1918-ին մեր նախորդները աւելի դաժան պայմաններու մէջ չյուսահատեցան: Հետեւաբար այսօր ալ մենք իրաւունք չունինք տեղի տալու:
1918-ին անդունդի եզրին հասած ժողովուրդ մը կարողացաւ իր ճակատագիրը ինք որոշել:
Այսօր ալ կարելի է գոյատեւել, եթէ ունենանք ազգային դաստիարակութիւն, աննկուն կամք եւ պատրաստենք ուժեղ երիտասարդութիւն:
Ճիշդ հո՛ս է ՀՄԸՄ-ի անփոխարինելի դերը, այնպէս` ինչպէս երկար տարիներ եռագոյնը պահեց իբրեւ մասունք, հիմա ալ մայիսեան վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ հայապահպանման առաքելութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի իւրաքանչիւր սկաուտ թէ մարզիկ ակումբի յարկին տակ կամ մարզադաշտի վրայ կ՛առնէ մայիս 28-ի շունչէն ու ոգիէն մասնիկ մը:
Ակումբի այդ քանի մը թանկագին ժամերուն ընթացքին այդ պատանին կը խօսի հայերէն, կ՛երգէ հայերէն, կը կազմաւորուի իբրեւ հայ, կը հաղորդուի Նժդեհի ու Արամի ոգիներով:
Այսօր յաճախ կը լսենք, թէ ուրիշ են պայմանները, եւ թէ` անկարելի է գոյատեւելը…
Իսկ մենք` 108 պատուաբեր տարիներու աւանդը կրող ՀՄԸՄ-ականներս, կը հաստատենք, որ պիտի շարունակենք քալել Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի հերոսամարտերէն ծնած վճռակամութեամբ, պիտի ընթանանք յաղթանակներ կերտածներու ուղիով` Լոս Անճելըսէն ու Փարիզէն մինչեւ սփիւռքահայութեան սիրտը` Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Այնճար, Զահլէ, Ժտէյտէ, Ճիւնի, Անթիլիաս, Ֆանար եւ Ռաուտա, մէկ խօսքով` հոն, ուր ՀՄԸՄ-ը կայ, պայքարելու համար ներկայի ժամանակներու սպառնալիքներու դէմ եւ պահպանելու համար հայու դիմագիծն ու Հայ դատը:
Որքան ալ փոխուին ժամանակները մենք` ՀՄԸՄ-ականներս, հաւատարիմ կը մնանք մեր երդումին` պատուով ծառայելու հայ ազգին ու սրբազան հայրենիքին: Կը շարունակենք հաւատալ եւ պայքարիլ, որ լուսաւոր օր մը բանակում պիտի կազմակերպենք վեհ Արարատի փէշերուն եւ անոր սրբազան գագաթին կրկին ու կրկին պիտի ծածանի հայոց փառապանծ եռագոյնը:
Ու վստա՛հ եղէք, որ պիտի գայ օրը, երբ մեր ամբողջական յաղթանակի կերտումէն ետք, մեր միութենական քայլերգի բառերը պիտի վերախմբագրուին, եւ` «Յառա՛ջ, նահատակ ցեղի անմահներ»-ուն պիտի յաջորդէ «Յառա՛ջ, յաղթակա՛ն ցեղի անմահներ»-ու յաղթերգը:
Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ,
Քալեցէք խրոխտ, տողանցեցէք հպարտօրէն:
Փա՛ռք մայիս 28-ի կերտիչներուն,
Շնորհաւո՛ր մայիս 28 եւ յարատեւ վերելք` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան:
* ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ արտասանուած խօսք` 31 մայիս 2026-ի մայիսեան փառատօնին:
