Բառերու Քաղաքական Նոր Իմաստներ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

Ստորեւ ներկայացուածը բառերու եւ բառակապակցութիւններու ցանկ մըն է` կազմուած ստորագրեալիս կողմէ, նախ տալով իսկականը, ապա կողքին նոր իմաստը, հիմնուած վերջին 7-8 տարիներուն, գերագոյն դաւաճանին (Նիկոլ Փաշինեանին) եւ իր ուսապարկերուն Հայաստանի իշխանութեան վրայ տեղադրուելէն ետք, գործածածներուն եւ գործունէութեան վրայ մեր հայրենիքին մէջ, բնատիպէն հեռանալով երբեմն 180 աստիճան:

Մեծ մասը գերագոյն դաւաճանին ու իր անմիջական շրջապատին բառացի արտայայտութիւններն են, մնացեալը` իմ հետեւութիւնը վերոյիշեալ անձերուն կառավարման վարմունքին: Նշում մըն ալ ընեմ.  իւրաքանչիւր բառին (բառակապակցութեան) ու անոր նոր իմաստին մասին կարելի է լուրջ վերլուծական ուսումնասիրութիւն կատարել: Նաեւ կարելի է շա՜տ երկարել այս ցանկը, երբ վերադառնանք աթոռակալներուն օրական յայտարարութիւններուն:

Ասոնք կրնան երբեմն ծիծաղ յառաջացնել իրենց անհեթեթութեամբ ու հակասական բնոյթով, բայց իրականութիւն են եւ գրած ու վերընթերցած ընթացքիս մէջս ստեղծած են դժոխային ծանրութեամբ բաց վէրք:

Միշտ հաւատացած եմ, որ 2020-ի Հայաստանի ներկայ իշխանութեան հայրենադաւ պարտութենէն ետք, հայ իսկական արիւնով ժողովուրդը ՉԷ՛ ԸՆՏՐԱԾ, ՉԷ՛Ր ԿՐՆԱՐ ԸՆՏՐԵԼ գերագոյն դաւաճանն ու իր ուսապարկերը, այլ մեր թշնամիները կատարած են այդ զանազան միջոցներով, փաստուած` անոր հետագայ օրերուն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին մէջ բարձրաձայնուած ապացոյցներով ու մանաւանդ յաջորդող ամիսներու դէպքերով` Հայաստանի պաշտպանական ուժերու Արցախէն պարպումով, Արցախի պաշարումով, Արցախի ցեղասպանական հայաթափումով, Հայաստանի ռազմավարական նշանակութեան տարածքներու յանձնումով, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դէմ թշնամիին յայտարարած պայքարի գործադրութեամբ, հայրենատէր անձերու ազատազրկումով, եւ այլն:

Կորուստներու եւ զրկանքներու շարքը հարկ է շրջել, որպէսզի Արեւմտեան Հայաստանի ու Արցախի իրավիճակը չկրկնուի. իսկ այս նիւթիս մասին, վերոյիշեալ բառերուն վերադարձնել իրենց հարազատ իմաստները` ՀԱՅԿԱԿԱՆՆԵ՛ՐԸ:

20 մայիս 2026

Leave a Comment