Մեր Պայքարը Իր Իրական Տարողութեամբ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Տարրական տրամաբանութեամբ, Փաշինեանի մտագարութիւնները պէտք է լրջօրէն տագնապահար ընեն իր կուսակիցները եւ մղեն զիրենք, խստագոյն միջամտութեամբ, կարգի հրաւիրելու գազազած իրենց ընկերը: Նոյն տրամաբանութեամբ, խուճապի մթնոլորտ պէտք է տիրէ Անգարայի, Պաքուի, Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի մէջ` ի տես Փաշինեանի սանձարձակ պոռթկումներուն… (Ինչպէ՞ս զսպել բաղնիքին մէջ յայտնուած այս անկայունը…): «Յո՞ երթանք, պարոնա՛յք…», պիտի ըլլայ Հաքան Ֆիտանի սաստը` ուղղուած իր մշտադիտարկման (monitoring) խումբին, պահանջելով, որ առնուին խիստ վճռական քայլեր եւ, առաջին հերթին, «հաթլայն»-ի վրայ բերուին Երեւանի իրենց գործակիցները:

Բնական պայմաններու մէջ այսպէս է, որ պիտի գործէ քաղաքական գործընթացը` ի տես փաշինեանական փողոցին: Այսինքն`  քարոզարշաւի կոպիտ սխալները անմիջապէս ուղղելու եւ անսաստողը սանձահարելու յստակ դիտաւորութեա՛մբ:  Այսինքն Թուրքիոյ «վերեւ»-ներէն շաչող մտրակով` «Արթնցուցէ՛ք սա ողորմելին: Ասիկա իր ընտրութիւնը չէ: ՄԵ՛Ր ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ Է…»:

Այս բոլորը անշուշտ վարկածային կողմն են այս վերլուծման: Պէտք է, անշուշտ, հարց տալ, թէ արդեօք կա՞յ նման անհանգստութիւն ընտրապայքարի փաշինեանական ոլորտին մէջ: Կա՞ն միթէ այդպիսի յարաբերութիւններ փաշինեանական ճամբարին եւ այս վերջինի արտաքին հովանաւորներուն միջեւ: Հարց տալ մանաւանդ, թէ արդեօք քաղաքականութեան բնականոն գործօնները դեռ կը գործե՞ն Հայաստանի  քաղաքական բեմին վրայ այս օրերուն:

Եթէ կը գործեն, յստակ է մէկ բան: Փաշինեան իր այլանդակ վարքագծով հիանալի զէնք մը դրած է այսօր ընդդիմութեան ուժերու տրամադրութեան տակ: Զէ՛նք, որմով ընդդիմութիւնը կրնայ արագօրէն յեղաշրջել ընտրողներու զօրակցութեան ենթադրական աղիւսակը եւ փոխել իրավիճակը յօգուտ ընդդիմութեան: Այդ բանին փաստը, եթէ բախտաւոր ենք, պիտի տեսնենք յաջորդող օրերու խմորումներուն մէջ: Մինչ այդ ընդդիմադիր ճակատը պէտք է անյապաղ ջրբաժան յառաջացնէ ընտրական դաշտին մէջ` հուժկու ազդակի վերածելով Փաշինեանի անհաւատալի արտաբերումները ընտրարշաւի ճամբու երկայնքին: Ցոյց տալ ընտրողին, որ Փաշինեան կը գործէ մեր ազգային գերագոյն շահերուն դէմ եւ կը գործէ անկապ ու անկշիռ թռիչքներով` ընտրութիւններու բեմը վերածելով եղերազաւեշտի:

Բայց ամէնէն կարեւո՛րը` պէտք է հարց տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ պատկերացում ունի թշնամին այսօր Հայաստանի հասարակութեան քաղաքական ողնայարին մասին: Ի՞նչ ակնկալութիւն կամ ի՞նչ վախ, թէ ի՛նչ կրնայ ընել Հայաստանի քաղաքացին` տեսնելով հայ անկախ պետականութեան շարունակական գահավէժը` ի ձեռս փաշինեանական համակարգին: Հայաստանի ընտրազանգուածը արդեօք պիտի կանգնի՞ ոտքի, ըսել կ՛ուզեմ`  տարերայնօրէ՛ն, Փաշինեանով դրսեւորուող այս ազգային ողբերգութեան դէմ եւ իր ճակատագրի սանձերը վերջապէս առնէ իր ձեռքերուն մէջ` դաւաճանական այս ժառանգութիւնը միանգամընդմիշտ դուրս շպրտելով երկրի կեանքէն: Արդեօք ի՞նչ պիտի ընեն կամ ի՞նչ ատակ են ընելու, յեղափոխական յայտնի երգին բառերով, «սա խռովեալ հայերը», ըստ Անգարայի եւ Պաքուի ռազմավարական հաշուարկներուն: Արդեօ՞ք ողջ է Սարդարապատի ջիղը…

Ես կը կարծեմ, թէ այս կէտին վրայ գործ ունինք շատ ճակատագրական նրբութեան մը հետ:

Փաշինեանի հովանաւորները երբեք խուճապահար չեն այսօր, քանի որ անոնք գործը երբեք իսկապէս չեն յանձնած Փաշինեանին: Պէտք է ակնկալել, որ անոնք արդէն վաղուց հաստատած են իրենց մեքենականութիւնները ընտրական դաշտէն ներս` Հայաստանի քուէն ապակողմնորոշելու  եւ Փաշինեանի յանցագործ իշխանութեան վերարտադրութիւնը ապահովելու: Փաշինեանի ելոյթները ընդհանուր յայտարար մը ունին: Անոնք բացայայտօրէն կ՛արհամարհեն երկրի քուէն: Անոնք չեն վախնար քաղաքացին անարգելէ: Անոնք համոզուած են, որ քաղաքացին շուարած է, տկար, քաղաքականօրէն պարտուած եւ անատակ` իր արժանապատուութեան տէր կանգնելու: Փաշինեանի ելոյթները օրկանական մասն իսկ  են Հայաստանի քուէն բարոյալքելու կոչուած թշնամիի ընդհանուր ծրագիրին: Անոնք լիովին համահունչ են թշնամիին ռազմավարութեան նորմերուն: Ի տարբերութիւն վերեւ յիշուած վարկածին` Փաշինեան եւ իր հովանաւորները անզանազանելի են իրարմէ:  Եւ անոնք միասնաբար կը սոնքան իրենց գոռոզութեամբ` հանդէպ մեր ժողովուրդին: ԱՆՈՆՔ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԵՆ, ՈՐ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՐԴԷՆ ԴԱԴՐԱԾ Է ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԷ ՈՐՊԷՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԽՂՃՄՏԱՆՔ: ՈՐՊԷՍ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ… Հետեւաբար կարելի է անվախօրէն քուրջի կտորի վերածել զինք եւ դեռ շահիլ ընտրութիւնը:

Եւ հո՛ս է, որ Փաշինեան եւ իր տէրերը չարաչար կը սխալին:

ԻՐԵՆՑ ԱՅՍ ԹՈՒՆԱՒՈՐ ԳՈՌՈԶՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ ՋԱՐԴՈՒՓՇՈՒՐ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՅՈՒՆԻՍԻ 7-ին… Այս վճռական, ԱՅՍ ՊԱՏՄԱԿԱ՛Ն առճակատումն է, որ տեղի պիտի ունենայ շուտով: Մեր ժողովուրդը լոկ Փաշինեանի եւ իր վիշիական ջոլիրին դէմ չէ, որ ելած է կռուի: ԱՆ ԵԼԱԾ Է ՊԱՅՔԱՐԻ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻՆ ԴԷՄ: ԵՒ ԵԿԱԾ Է ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՏԱԼՈՒ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ:

Սարդարապատի ջի՞ղը…Այո՛, ողջ է ան: Ողջ ու առողջ եւ պատրա՛ստ` դիմագրաւելու կեանքի մեծ մարտահրաւէրները այսօր, վաղը, յաւիտեա՛նս: Մեր պայքարը ամէն տեղ է: Աշխարհակարգի բոլո՛ր ճակատներուն վրայ: Եւ ան կանգ պիտի չառնէ յունիսի 7-ին:

24 մայիս 2026
Ուաշինկթըն

Leave a Comment