Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի մէջ 13 յունուարին ստորագրուած ամերիկեան-հայկական շրջանակային համաձայնագիրը, որ կը վերաբերէր «Թրամփի ուղի»-ին, կարեւոր քայլ էր` 8 օգոստոս 2025-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործնական իրականացման ճամբուն վրայ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին համաձայն, այս փաստաթուղթի որդեգրումը անգամ մը եւս կը վկայէ ամերիկեան կողմի` 8 օգոստոսի համաձայնագիրին հաւատարմութեան մասին:
«Ասիկա կարեւոր քայլ է նաեւ Հայաստանի կողմէ իր պարտաւորութիւններու կատարման տեսանկիւնէն», նշեց Հաճիզատէ` ընդգծելով, որ Նախիջեւանի հետ անխափան կապը կը շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի առանցքային առաջնահերթութիւններու շարքին:
14 յունուարին հրապարակուած հայ-ամերիկեան յայտարարութիւնը պաշտօնապէս կը հաստատէ, որ Երեւանը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող յատուկ ընկերութեան երկարաժամկէտ բացառիկ իրաւունքներ պիտի տրամադրէ երթուղիի նկատմամբ, որ Սիւնիքի մարզով Ազրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանին: Համաձայնագիրը հիմնուած է օգոստոս 2025-ին Սպիտակ տան մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն վրայ:
ԹՐԻՓՓ-ի «իրականացման շրջագիծ»-ին համաձայն, հայ-ամերիկեան միացեալ ընկերութիւնը տարանցիկ միջանցքի երկայնքով պիտի կառուցէ երկաթուղի, ինքնաշարժի մայրուղի, ուժանիւթի մատակարարման գիծեր եւ այլ ենթակառոյցներ, ինչպէս նաեւ առնուազն 49 տարի պիտի կառավարէ զանոնք եւ պիտի գանձէ անոնցմէ ստացուող եկամուտները: