Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ ազրպէյճանցի պաշտօնակիցի հետ ունեցած է շուրջ երկու ժամնոց հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի Ուաշինկթըն վերջին այցելութեան ընթացքին ստորագրուած ԹՐԻՓՓ շրջանակային փաստաթուղթը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Մենք այս հարցին շուրջ երկար ժամով քննարկումներ ունեցած ենք Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Ազրպէյճանական կողմի տեսլականը մեզի համար կարեւոր է: Նախագահ Էրտողանը նոյնպէս տեղեկացուած է այս մասին», ըսած է Հաքան Ֆիտան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ վստահեցուցած է, թէ Անգարա կ՛ուզէ, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուի, ինչպէս նաեւ կարգաւորուին հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
«Թէ՛ Ազրպէյճանը, թէ՛ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ Հայաստանը ունին անոր համար անհրաժեշտ կամքը», ըսած է Ֆիտան: