Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 4 Հայու Ազատ Արձակումը

Մենք կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի կողմէ պահուող 4 հայու ազատ արձակումը եւ փոխանցումը: Ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գլխաւոր բանբեր Անիթա Հիփեր:

«Ասիկա մեծ քայլ յառաջ է Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ երկու երկիրներուն միջեւ հետագայ դրական քայլերուն», նշած է Հիփեր:

 

Leave a Comment