Ակնարկ. «Ձախողած Պետութիւն»-էն (Չ)ակնկալուած Քայլեր

Իսրայէլի վարչապետին եւ ամերիկացի յատուկ պատուիրակին յայտարարութիւններուն միջեւ հասարակ յայտարարներ կան: Տարբեր են ոճերը, ըստ էութեան սակայն սպառնալիքը նոյնն է: Պահանջը` զէնքի մենաշնորհումի որոշումին կատարումն է: Ակնկալութիւնը լիբանանեան  կառավարութենէն է: Կան ակնարկներ սահմանային անվտանգութեան, Պէյրութ-Թել Աւիւ բանակցութիւններու ձեռնարկումին, սահմանազատումին:

Որոշ տարբերութիւններով իրար լրացնող այս յայտարարութիւններուն ուղերձները կարելի է լուսարձակի տակ բերել:

Իսրայէլի վարչապետին փոխանցածը այն է, որ իր երկիրը պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանի ճակատը դարձեալ Իսրայէլի համար սպառնալիքի աղբիւր դառնայ, եւ այդ մէկը կանխարգիլելու համար Իսրայէլ պիտի դիմէ անհրաժեշտ գործողութիւններուն:

Լիբանանեան ճակատը ընդհանուր հասցէագրում է. այս պարագային Հըզպալլան չ՛առանձնացուիր: Ուրեմն ակնկալութիւնը լիբանանեան կողմէն է, որ կարենայ իրավիճակին տիրութիւն ընել եւ Հըզպալլայի սպառնալիքը վնասազերծել:

Մինչ Պարրաքին ըսածը աւելի համապարփակ մօտեցում ունի: Կը խօսի բանակցութիւններու ձեռնարկումին, սահմանազատումին եւ անոնցմով կը պայմանաւորէ տնտեսութեան վերականգնումը: Այս մօտեցումը նոր չէ: Բազմիցս ոչ միայն Ուաշինկթընը, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքը յստակ ձեւով ըսած են, որ տնտեսական օժանդակութիւններու ծրագիրը չի մեկնարկեր, առանց զէնքի մենաշնորհացումին: Հիմա արդէն անկէ ետք առնուելիք քայլերուն մասին խօսք կայ: Բանակցութիւններ, սահմանազատում:

Այս ճանապարհային քարտէսը կ՛երթայ ի վերջոյ դէպի Պէյրութ-Թել Աւիւ յարաբերութիւններու բնականոնացում: Այդ առաջադրանքին համար ճնշումն է, որ կը զօրանայ հիմա: Լիբանանը ձախողած պետութիւն որակելով  ակնարկ կ՛ըլլայ միջազգային միջամտութեան իրաւական հիմնաւորումին: Ձախողած պետութիւնը միջազգային իրաւական ձեւակերպում է, որ կ՛ենթադրէ արտաքին միջամտութիւններու որոշում:

Այս չի նշանակեր, որ այդ միջամտութեան նախաշեմին կը գտնուինք: Առանց այդ օրինական ձեւակերպումի հաստատումին արդէն արտաքին միջամտութիւնը այնքան ակներեւ է: Կարելի է ըսել նոյնիսկ քաղաքական տրամաբանութեամբ, որ ձախողութեան իրավիճակը արտաքին միջամտութիւններու պատճառով է:

Այս որակումը եւս կը ներառուի ճնշամիջոցային քաղաքականութեան: Սակայն ամերիկացի պատուիրակին  յայտարարութեան վերլուծելի բաժինը կ՛ամփոփուի հետեւեալ միտքերով: Լիբանանեան բանակին ելեւմտական եւ մարդկային ներուժ կը պակսի, ինչ որ կ՛ազդէ սահմանները զսպելու եւ իր ազգային առաքելութիւնը գործադրելու կարողութեան վրայ: Պարրաք  միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ շարունակելու լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա Լիբանանի պաշտպանութեան եւ կայունութեան գլխաւոր հիմնաքարն է:

Ասիկա աւելի քաղաքական կեցուածք է. օժանդակութիւնները ծաւալային չեն եւ այսօրուան պահանջարկներուն համապատասխան ըլլալէ հեռու են: Օժանդակել այնչափ մը, որ բանակը շարունակէ գոյատեւել,  մնալ իբրեւ ռազմական միաւոր` հետզհետէ փոխարինելու համար Հըզպալլան: Իրենց ընկալումով գլխաւոր գործիքը` Հըզպալլան չէզոքացնելու:

Գանք սակայն յայտարարողական հարթութենէն դէպի իրողական քաղաքականութիւն: Բոլորին համար պարզ է, որ լիբանանեան կողմին մօտ չի գտնուիր այս խնդիրին հանգուցալուծումը: Լիբանանեան բանակէն կամ ընդհանրապէս Պէյրութէն կ՛ակնկալուի հսկայական իրագործում մը: Մինչդեռ նոյնքան պարզ է, որ այս խնդիրը Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցային օրակարգ է:

Շղարշելու համար այս օրակարգը, կը դիմուի այլ հասցէի: Ձախողած պետութիւն կ՛որակուի, տնտեսական վերականգնումը կը պայմանաւորուի այդ պետութենէն առնելիք քայլերով, բանակցութիւններու մեկնարկ կը սպասուի եւ յարաբերութիւններու հաստատում:

Մինչ Թեհրանէն կը հնչեն Իսրայէլի ուղղութեամբ սպառնալիքներ, միաժամանակ պատրաստակամութիւն` Միացեալ Նահանգներու հետ վերաձեռնարկելու հիւլէական օրակարգով բանակցութիւններու:

Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու հաւանական վերաձեռնարկումէն անհանգիստ կը թուի ըլլալ Իսրայէլը, որ պատերազմական գործողութիւններու նոր սպառնալիքներ կը հնչեցնէ Լիբանանի ուղղութեամբ, առանց առանձնացնելու Հըզպալլան, այլ խօսելով ընդհանուր լիբանանեան ճակատին մասին:

Սպառնալիքներու մագլցողականութեան շարժառիթները այս հանգամանքներուն նկատառումով պէտք է դիտարկել: Նախադէպերը նկատի ունենալով անդրադառնալ, որ բանակցութիւններու նախաշեմին մագլցումի առաստաղները կը բարձրանան: Տեղատուութիւն-մակընթացութիւն կշռոյթներով:

«Ա.»

Leave a Comment