Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Թարգմանչաց շարժումի հերթական նշումը այս օրերուն, կը թելադրէ քաղաքական ոսպնեակով փորձել դիտարկել այդ օրերուն գործող իշխանութեան, թագաւորութեան (իմա՛ պետութեան) դերակատարութիւնը:

Այսպէս. Վռամշապուհ թագաւորն ու արքունիքը  առաջադրած էին `

Ա.- Աջակցիլ Մաշտոցին եւ Պարթեւին հայ գիրերու ստեղծման գործին մէջ պետական որոշումին գործադրութեան:
Բ.- Խրախուսել դպրոցներու եւ թարգմանչական կեդրոններու հիմնումը Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Գ.- Պետական հովանաւորութիւն եւ պաշտպանութիւն ապահովել նոր գիրերով թարգմանական աշխատանքին ամբողջ երկրին մէջ տարածումին համար:
Դ.- Հիմնադրել Վաղարշապատի դպրոցը` պատրաստելու համար թարգմանական-մտաւորական մարդուժ:

Պետական այս քաղաքականութեան նպատակն էր հայ ժողովուրդին ապահովել սեփական գրական եւ գիտական լեզու եւ սկիզբ դնել հայ մշակոյթի ոսկեդարուն: Մշակութային այս քաղաքականութեան առանցքը կը մնար ինքնութեան, ինքնուրոյնութեան պահպանումը եւ յունական կամ ասորական քաղաքակրթութեան առընթեր, հայկականի´ն գոյառումը, որպէսզի կարելի ըլլար կանխել ուծացումը:

Պատմական այս իրադրութիւններուն մէջ նկատելի է պետութիւն-եկեղեցի համակարգուած եւ նպատակաուղղուած աշխատանք մը, որ հիմնուած է ուրոյն քաղաքակրթութիւն ստեղծելու գիտակցական որոշումին վրայ: Պետութիւն-եկեղեցի միացեալ համակարգն է, որ փրկած է մեզ իբրեւ ազգ, ապահովելով անոր շարունակականութիւնը:

Հիմա բոլորովին այլ պատկեր է: Ոչ միայն չկայ այդ համակարգումը, այլ կայ հակասութիւնը: Չկայ Վռամշապուհով խորհրդանշուող պետական քաղաքականութիւն մշակելու ընդունակ պետութիւնը: Այսօր պետական մակարդակով  որոշուած է կրճատել Ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան ոլորտով զբաղող կառոյցի գործառոյթները` միացման, կրճատման եւ օփթիմալացման շղարշին տակ ըստ էութեան հարուած հասցնելով հայագիտութեան զարգացման:

Ժամանակի մարտահրաւէրները շատ ճիշդ կարդացած էին վռամշապուհները, սահակ պարթեւներն ու մեսրոպ մաշտոցները: Եւ եթէ կրօնական ամբողջ գրականութիւն մը հայացաւ այդ օրերուն ազգային-քաղաքական առաջադրանքներով, այժմու հանգամանքները կը յուշեն նոր շարժումի մը անհրաժեշտութեան մասին: Հայկական քրիստոնէական գրականութիւնը հասանելի դարձնելու քրիստոնեայ աշխարհին: Հայերէնէն դէպի այլ լեզուներ թարգմանելու մեր մշակութային ստեղծագործութիւնները: Քիչ չեն անշուշտ մեր մատենագրութեան, միջնադարեան եւ նոյնիսկ արդի գրականութեան թարգմանական հատորները: Արհեստական բանականութիւնը, որ շատ արագ թարգմանութիւններ կը հրամցնէ որեւէ լեզուով որեւէ նիւթի, արձանագրութեան կամ գիրքի, կրնայ ծառայել այս առաջադրանքին, բնականաբար յաւելեալ լրացումներով, մասնագիտական վերստուգումներով:

Վիթխարի գործ կայ կատարելիք` այս օրերուն նաեւ մեր պատմութիւնն ու համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող հայկական գործերը միջազգայնացնելու: Գուցէ թարգմանչաց մը այս անգամ հայերէնէն դէպի օտարալեզու ուղղութեամբ:

Պետական քաղաքականութեան համազօր առաջադրանք է մեր քաղաքակրթութեան միջազգայնացումը եւ ատով իսկ թշնամիներուն ձեռնարկած ամբողջ տարածաշրջանի մը քաղաքակրթութիւնը նենգափոխելու արշաւին կասեցումը: Արշաւ, որ այսօր թիրախաւորած է քրիստոնեայ աշխարհի կեդրոնները, Վատիկանէն սկսեալ:

Նաեւ ա՛յս պատճառներով հայոց պետականութիւնը պէտք է ստանձնեն Վռամշապուհի գիտակցութիւնը ունեցող կառավարութիւններ, ազգային մշակութային քաղաքականութեան մշակումով եւ իրականացումով երաշխաւորելու համար ինքնութեան պահպանումն ու ինքնուրոյն քաղաքական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ:

 

Leave a Comment