Գորիսի եւ Կիւմրիի Համագործակցութիւն Հայաստանի առաքելութեան անդամները Ռատիօ այցելեցին

Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ

Գորիսի եւ Կիւմրիի մէջ  համագործակցութիւն Հայաստանի հաստատութիւնը միշտ ալ օգտակար եղած է Հայաստանին։ Վաչէ Տէմիրճեանը, Լիլիան Տարօնեանը եւ Աստղիկ Շինգիթեանը յատուկ եկած են Փարիզէն այցելելու այս կեդրոն։ Փախստականներուն համար յատուկ շէնք մըն է, նաեւ կից տեղի կ՛ունենայ գեղարուեստական թատրոնի եւ արուեստի դասընթացքներ անվճար կերպով երախաներուն համար։ Մանուկներու համար արուեստանոց մը, իսկ  ծերունիներուն համար ալ տաք ճաշ, կը պատմէ Վաչէ Տէմիրճեանը։

Լոռիի՝ COAF-ի  մէջ ալ ճակատի պատին պահպանուած է Վաչէ Տէմիրճեանի գեղանկարչական գործը ։

1992 թուականի Նոյեմբերին սկսած ենք մեր առաքելութիւնը  Գորիսի մէջ, փախստականներով լեցուն էր այդ վայրը, երբ մենք բացինք բարեգործական ճաշարանը։ Հիմա ալ մօտ 80 անձ կ՛օգտուի, հաշմանդամ ծերունիներուն համար ալ իրենց տուները կ՛ուղարկուին։ Ճաշարանին կից կը գործէ ընկերային կրթական կեդրոնը, որը շատ լաւ կ՛աշխատի, կը պատմէ Աստղիկ Շինգիթեանը ։

Լիլիան Տարօնեանը ծնած է Փարիզ, ան մասնագիտութեամբ ընկերաբան է, մեր հիւրերուն միջեւ կարմիր գիծը՝ կապն է Հայաստանի հետ, առաջին օդանաւով եկած է Հայաստան նախագահ Միթերանի կնոջ հետ։ Այդպէս ստեղծուած է առաջին կապը, որպէս աղէտի օգնութիւն, երկրաշարժէն մինջ օրս՝ անոնք կը գործեն նոյն առաքելութեամբ։ «Սարսափելի էր այն ժամանակ։ Հիմա շատ աւելի համակարգուած կ՛աշխատին մեր սկսած գործը, կ՛ուզեմ ըսել մէր գործընկերները աւելի ինքնուրոյն կ՛աշխատին, հիմա Հայաստան աւելի զարգացած է, դժուարութիւնները յաղթահարած են», կը պատմէ Լիլիան։

Վաչէին կարծիքով՝ Հայաստանը շատ փոխուած է, այդ տխրութիւնը չի կայ մարդոց դէմքերուն, երիտասարդութիւնը աւելի ուրախ է։

Leave a Comment