Ակնարկ. Զէնքի Մենաշնորհում Եւ Սէուտական Համակարգումներ

Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակին յայտարարութիւնը առ այն, որ այնքան ատեն որ Հըզպալլան զէնքը կը պահէ, խօսքերը բաւարար չեն հարցերու լուծման եւ թէ կառավարութիւնն ու Հըզպալլան լիարժէք կերպով յանձնառու պէտք է ըլլան եւ անմիջապէս քայլեր կատարեն, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդը սառեցուած եւ անելանելի կացութեան չդատապարտուի, միեւնոյն դիրքորոշումին տարբեր ձեւակերպումն է: Այլ խօսքով, յայտարարութիւններուն եւ խոստումներուն  կամ նոնյիսկ յանձնառութիւններուն դիմաց չեն կատարուիր երկիրը ներկայ վիճակէն դուրս բերելու կոչուած օժանդակութիւնները:

Զէնքի յանձնումը կամ զէնքի մենաշնորհումը պայման է որեւէ քայլի նախաձեռնելէ առաջ: Այս չի նշանակեր, որ անոր ենթահողի պատրաստութեան ուղղութեամբ աշխատանքները դադրած են: Թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ ներլիբանանեան ճնշումը կը սաստկանայ զէնքի մենաշնորհումը իրականացնելու համար:

Սուրիոյ մէջ արձանագրուող դէպքերը սակայն գէթ հասարակական մակարդակի վրայ հարցականի տակ կրնան առնել զէնքի յանձնումի նպատակայարմարութիւնը: Ահաբեկչական տիպի եւ անզէն բնակչութեան դէմ վայրագութիւններ իրականացնողները շատ հեռու չեն լիբանանեան տարածքներէն: Դէպքերու բնոյթն ու տարողութիւնը մտածել կու տան այս մասին:

Լիբանանեան լրատուամիջոցներու հաղորդած լուրերը որոշակիօրէն կը կապուին այս հարցին:  Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալմանի հովանաւորութեամբ եւ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Եազիտ Պըն Ֆարհանի օգնականութեամբ, Ռիատի մէջ գումարուած է Լիբանան-Սուրիա ապահովական ժողով մը` լիբանանեան հետախուզութեան տնօրէն Թոնի Քահուաժիի եւ անոր սուրիացի պաշտօնակից Հիւսէյն Սալամէի միջեւ: Լիբանան-Սուրիա համակարգումը պիտի շարունակուի սէուտական հովանաւորութեամբ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Ծոցի շրջանը Լիբանանի յաւելեալ քաոսի մատնուիլը կանխարգիլելով հետաքրքրուած է:

Սէուտական Արաբիա-Թուրքիա մրցակցութիւնը Սուրիոյ հովանաւորչութեան ուղղութեամբ երկու բաղադրիչ ունէր: Ռիատը կը փորձէր տնտեսական մարզին մէջ գերակայութիւն հաստատել, ներդրումներու ծրագիրներով առկայութիւն ապահովել, մինչ Անգարան կը շարունակէր զինուորական-ապահովական ոլորտին մէջ անփոխարինելի դեր ստանձնել: Վերը նշուածները կը խօսին երկու ուղղութիւններուն վրայ Ռիատի բացած հովանոցին մասին:

Վերադառնանք զէնքի մենաշնորհումի պահանջին: Խնդիրը սերտօրէն կապուած է նաեւ սուրիական իրադարձութիւններուն հետ: Դիմադրութեան առանցքը Լիբանան-Սուրիա գիծին վրայ ջլատուած է: Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական տարրը սպառնալիք է նաեւ Լիբանանի անվտանգութեան: Անոր զսպիչ գրաւականը միայն լիբանանեան բանակը կրնայ չըլլալ: Հզօրացուած բանակը` թերեւս:

Այդ վտանգի չէզոքացման, կանխարգիլման կամ ընդհանրապէս վերացման  ուղղութեամբ է, որ Սէուտական Արաբիան կ՛աշխատի: Եւ պատահական չէ, որ կը համակարգէ Սուրիա-Լիբանան զինուորական-ապահովական միջգերատեսչական աշխատանքները:

Այս վտանգներու կանխարգիլման երաշխիքները տակաւին չկան: Աշխատանքներ կ՛երեւին: Առանց այդ բոլորի յստակացման զէնք պահանջելը ապահովութիւն հաստատելու առաջադրանքներէն չի մեկնիր:

«Ա.»

Leave a Comment