Կեղծ «ԶԱՐԹՕՆՔ». ՅՍՏԱԿԵՑՄԱՆՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Վերջերս բազմաթիւ ընթերցողներու կողմէ մեզի ուղղուած հարցումներուն ի պատասխան այսու կը տեղեկացնենք, թէ Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսած “Զարթօնք” անուամբ նոր շաբաթաթերթը, որ կը հրատարակուի Պարոյր Աղպաշեանի տնօրինութեամբ,  մաս չի կազմեր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած աշխարհասփիւռ մամուլին:  Հետեւաբար ան որեւէ կապ չունի մեզի հետ:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ եւ որեւէ շփոթի առաջքը առնելու մտահոգութեամբ կը փափաքինք մեր ընթերցողներուն, ինչպէս նաեւ մեր թերթերու բոլոր գործակիցներուն եւ աշխատակիցներուն ուշադրութեան յանձնել այս պարագան:

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ

The post Կեղծ «ԶԱՐԹՕՆՔ». ՅՍՏԱԿԵՑՄԱՆՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ appeared first on Ազգ.

Leave a Comment