Արեւմտահայերէն լուրեր 12 Յունիս. 2025 — Հայաստանի Հանրային Ռադիո

• Հայաստանի մէջ պիտի կառուցուի 500 միլիոն տոլարի արժէքով AI գործարան մը, որը տարածաշրջանի խոշորագոյն արհեստագիտական նախագիծը պիտի ըլլայ։
• Համոզուած եմ, որ համատեղ ջանքերու շնորհիւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան եւ կ՛ամրապնդուին․ Փաշինեան։
• Ռուպիօն շնորհաւորած է Ռուսաստանի օրուան առիթով՝ վերահաստատելով կառուցողական փոխգործակցութեան ցանկութիւնը։
• Անվտանգութեան նկատառումներէն ելլելով՝ Ամերիկան Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս պիտի բերէ իր դիւանագէտներն ու զինուորականները։
• 12 տարուան դադարէն յետոյ Դամասկոս-Պոլիս օդանաւը վերսկսած է։
• Իրան առայժմ աւելորդ հիւլէական նիւթերը հեռացնելու հարցը չի քննարկեր։
• 15 Յունիսին Կապանի մէջ պիտի կայանայ բացառիկ մշակութային իրադարձութիւն մը՝ «Եօթ մելիքներու ընթրիք»- ը։

Leave a Comment