Կարէն ու Ժագլին Մակինեաններ Պարգեւատրուեցան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշաններով

Չորեքշաբթի, 4 յունիս 2025-ին, Համազգայինի «Քնար» պարախումբի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններուն «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանի տուչութեան առիթով, հինգշաբթի, 5 յունիս 2025-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան, Համազգայինի «Քնար» պարախումբի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նորայր Գարամանուկեան, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան շքանշանակիրներուն  հետ շնորհակալական այցելութիւն մը տուին

Արամ Ա. վեհափառին` Համազգայինի ընտանիքին անունով յայտնելու երախտագիտութիւնը քաջալերանքին, գնահատականին եւ զօրակցութեան համար:

Արամ Ա. հայրապետը գնահատեց Համազգայինի բազմաճիւղ ու օրուան պայմաններուն համահունչ ու ծաւալուն գործունէութիւնը եւ անոնց մէջ` պարուսոյցներուն կարեւոր դերակատարութիւնը, մաղթելով, որ միութիւնը յառաջիկային միեւնոյն ոճով ու նորարարութիւններով կը շարունակէ իր աշխատանքը:

Հանդիպումը նաեւ շարժառիթ հանդիսացաւ վեհափառին հետ քննելու Լիբանանի մշակութային կեանքը եւ նոր մարտահրաւէրները:

Leave a Comment