«Ֆորմիւլա 1». 2026-ին Մատրիտ Պիտի Հիւրընկալէ «Կրան Փրի», «Աուտի», «Քատիլաք» Եւ «Ֆորտ» Կը Միանան

«Ֆորմիւլա 1» եւ «Էֆ. Այ. Էյ.» հրապարակեցին 2026-ի օրացոյցը, ուր խումբեր եւ վարորդներ անգամ մը եւս 24 կրան փրիներ պիտի կատարեն (այս տարուան նման), բայց մեծ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան ինքնաշարժներու վրայ, որոնք վառելանիւթէն պիտի դառնան աւելի մաքուր կենսոլորտային «պայօ-ֆիուլզ»-ով եւ մեծ մասամբ բարդի ուժով բանող:

Իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նոր ինքնաշարժի ընկերութիւններ, ինչպէս «Աուտի», «Քատիլաք» եւ «Ֆորտ»:

Եղանակը կը սկսի Աւստրալիոյ մէջ, 6-էն 8 մարտին, եւ կ՛աւարտի 4-էն 6 դեկտեմբերին` Ապու Տապիի մէջ:

2026-ին Ռամատան ամիսը փետրուարէն մարտ պիտի տեւէ, այդ պատճառով ալ Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ կրան փրիները տեղի պիտի ունենան ապրիլին:

2026-ի օրացոյցը բարելաւուած պիտի ըլլայ, ուր Քանատայի կրան փրին պիտի յաջորդէ Մայեմիին` 22-էն 24 մայիսին, խումբերու տեղափոխութեան ալ աւելի դիւրին ըլլալով ցամաքամաս չփոխելու համար երկու տարբեր առիթներով:

Եւրոպական կրան փրիները պիտի սկսին Մոնաքոյէն 5-էն 7 յունիսին եւ կ՛աւարտին Սպանիոյ մէջ 11-էն 13 սեպտեմբերին, ուր Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ իր առաջին կրան փրին:

Աւելի ուշ կրան փրիները կը վերադառնան Ասիա` Ազրպէյճան եւ Սինկափուր, ապա երեք մրցումներ` Միացեալ Նահանգներ: Լաս Վեկասի, Քաթարի եւ Ապու Տապիի հետ կը փակուի տարին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 2026-ի օրացոյցը.

Մարտ 6-էն 8 – Աւստրալիա Մելպուռնի կրան փրի
Մարտ 13-էն 15 – Չինաստան, Շանկհայի կրան փրի
Մարտ 27-էն 29 Ճափոն, Սուզուքայի կրան փրի
Ապրիլ 10-էն 12 Պահրէյն, Սախիրի կրան փրի
Ապրիլ 17-էն 19 Սէուտական Արաբիա, Ճետտայի կրան փրի
Մայիս 1-էն 3 Միացեալ Նահանգներ, Մայեմիի կրան փրի
Մայիս 22-էն 24 Քանատա, Մոնրէալի կրան փրի
Յունիս 5-էն 7 Մոնաքօ, Մոնաքոյի կրան փրի
Յունիս 12-էն 14 Սպանիա, (Պարսելոնա) Քաթալոնիոյ կրան փրի
Յունիս 26-էն 28 Աւստրիա, Շփիլպերկի կրան փրի
Յուլիս 3-էն 5 Բրիտանիա, Սիլվըրսթոնի կրան փրի
Յուլիս 17-էն 19 Պելճիքա, Սփա-Ֆրանքորշանի կրան փրի
Յուլիս 24-էն 26 Հունգարիա, Պուտափեշթի կրան փրի
Օգոստոս 21-էն 23 Նետերլանտներ, Զանտվորթի կրան փրի
Սեպտեմբեր 4-էն 6 Իտալիա, Մոնցայի կրան փրի
Սեպտեմբեր 11-էն 13 Սպանիա, Մատրիտի կրան փրի
Սեպտեմբեր 25-էն 27 Ազրպէյճան, Պաքուի կրան փրի
Հոկտեմբեր 9-էն 11 Սինկափուր, Սինկափուրի կրան փրի
Հոկտեմբեր 23-էն 25 Միացեալ Նահանգներ, Օսթընի կրան փրի
Հոկտեմբեր 30-էն Նոյեմբեր 1 Մեքսիքա, Մեքսիքօ Սիթիի կրան փրի
Նոյեմբեր 6-էն 8 Պրազիլ, Սան Փաուլոյի կրան փրի
Նոյեմբեր 19-էն 21 Միացեալ Նահանգներ, Լաս Վեկասի կրան փրի
Նոյեմբեր 27-էն 29 Քաթար, Լուսէյլի կրան փրի
Դեկտեմբեր 4-էն 6 Ապու Տապի, Եաս Մարինայի կրան փրի

 

 

Leave a Comment