Արեւմտահայերէն լուրեր 19 Մայիս. 2025 — Հայաստանի Հանրային Ռադիո

• Արմէն Գրիգորեան եւ Մասուտ Փեզեշքիան ընդգծած են Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման արագ ընթացքը։
• Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահը այցելեց Արագածոտնի մարզ։
• Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ նորընտիր Լեւոն 14-րդ Պապի գահակալութեան պատարագը, ուր անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի նախագահը։
• Սինկափուրի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսութեան։
• Թիֆլիսի մէջ նշուեցաւ Սայաթ-Նովային նուիրուած 111-րդ Վարդատօնը։
• Այսօր պիտի կայանայ Թրամփ-Փութին հեռախօսազրոյցը։

Leave a Comment