Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուսիոյ Նախկին Վարչապետ Սերկէյ Սթեփաշինը

Կիրակի, 1 նոյեմբեր 2026-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց յատուկ առաքելութեամբ եւ կարճատեւ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ռուսիոյ նախկին վարչապետ Սերկէյ Վատիմովիչ Սթեփաշինը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի եւ նախկին վարչապետին անմիջական օգնականին:

Յայտնենք, որ Ռուսիոյ նախկին վարչապետը նախապէս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ կացութեան, հայ եւ ռուս եկեղեցիներու պատմական կապերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան ու դերակատարութեան:

Արծարծուած հարցերուն առնչութեամբ վեհափառ հայրապետը պարզեց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները: Այս առիթով վեհափառը յիշեց նաեւ Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին հետ տասնամեակներու վրայ երկարող իր սերտ բարեկամութիւնը:

Leave a Comment