Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շնորհաւորեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնն ու լիբանանեան մաքսատունը Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբով 47 քիլոկրամ քոքային մաքսանենգելու փորձը ձախողութեան մատնելնուն համար:

Ան բարձր գնահատեց երկու ապահովական մարմիններուն միջեւ համակարգումը, գործակցութիւնն ու տեղեկութիւններու փոխանակումը, որոնք գործողութեան յաջողութեան յանգեցան:

Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի ցամաքային, ծովային ու օդային անցակէտերը թմրեցուցիչներու մաքսանենգման, դրամ լուալու կամ որեւէ ապօրինի գործունէութեան միջանցքներ պիտի չըլլան:

Վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է սահմաններու հսկողութեան ամրապնդման, շահագրգիռ մարմիններու միջեւ համակարգումի աշխուժացման եւ մաքսանենգման ու կազմակերպուած ոճիրի ցանցերուն դէմ պայքարին:

Leave a Comment