ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն

Շաբաթ, 31 հոկտեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 5:30-էն  սկսեալ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերու փակման եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-ամեակի բացման հանդիսութիւնը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ յաղթանակի երեկոյով: Անիկա երգահանդէս էր, որուն ընթացքին Սուրէն Աճէմեան` ընկերակցութեամբ երգեհոնահար Սարգիս Ադամեանի, մատուցեց ազգային-յեղափոխական երգեր: Ներկայ է «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերուն մասնակցած մարզիկներ եւ դպրոցական աշակերտներ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիսութեան պաշտօնական բացումը` Հայաստանի, Լիբանանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Լուսին Գազանճեան, այնուհետեւ Շրջանային վարչութեան անդամ, ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի պատասխանատու Մարալ Գուլաճեան արտասանեց ԼԵՎԱՄ-ի 60-ամեակի բացման վերաբերող խօսքը:

Ապա հայկական դպրոցներուն աշակերտները դաշտ մտան: Այս առիթով երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեան առաջին անգամ ըլլալով երգեց ԼԵՎԱՄ-ի 60-ամեակին նուիրուած իր երգը:

Տեղի ունեցաւ «Նաւասարդեան» մարզախաղերու տեսերիզի ցուցադրութիւն: Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ «Նաւասարդեան» մարզախաղերու պատասխանատու Զաւէն Տէր Պետրոսեան: Ապա տեղի ունեցաւ մետալաբաշխութիւն` բոլոր մարզախաղերուն մէջ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացած մարզիկներուն եւ խումբերուն: Մետալներ բաժնուեցան նաեւ կամաւոր իրաւարարներուն եւ մարձումի մասնագէտին: Վերջին խօսքը արտասանեց «Նաւասարդեան» մարզախաղերու յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Պէրպէրեան: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով` Վիգէն Տիշչեքենեանի երգեցողութեամբ:

Հանդիսութեան մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:

Leave a Comment