Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

31 հոկտեմբերին Պահրէյնի մէջ ընթացող «Մանամայի երկխօսութեան» շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ: Այդ մասին կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած գործընկերութեան հետագայ զարգացման հարցեր:

Բարձր գնահատուեցան բազմակողմ հարթակներու մէջ առկայ հարցերու շուրջ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնն ու ցուցաբերուող աջակցութիւնը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւններուն:

Նախարարները միտքեր փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց առկայ խնդիրներու հանգուցալուծման հարցին մէջ Հայաստանի համերաշխութիւնը եւ շրջանային կայունութեան ուղղուած միջազգային ջանքերուն աջակցութիւնը:

 

Leave a Comment