ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սեւան Դանիէլեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջանակներուն մէջ Ռուսիոյ Պետական տումային մէջ հանդիպած են «Միասնական Ռուսիա» եւ «Արդար Ռուսիա» կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: