Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

Երէկ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարական մարմիններու ընտրութիւններ  Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ:

Արտաշատ, Արմաւիր, Արաքս, Գաւառ, Մարտունի, Վարդենիս, Հրազդան, Ծաղկաձոր, Գառնի, Արթիկ, Ախուրեան, Գորիս, Մեղրի, Եղեգնաձոր, Վայք, Ջերմուկ, Իջեւան, Դիլիջան,  Ստեփանաւան համայնքներուն մէջ ընտրութիւնները համամասնական էին, իսկ Ֆիոլետովօ եւ Շամիրամ համայնքներուն մէջ`  մեծամասնական:

Ընտրութիւնը մրցակցային չեղաւ հինգ համայնքներու մէջ` Վայք, Արմաւիր, Վարդենիս, Գառնի եւ Ախուրեան, ուր առաջադրուեցան միայն իշխող Քաղաքացիական պայմանագիրի անդամները:

Ընտրութիւններուն ամէնէն շատ մասնակցութիւնը արձանագրուեցաւ Լոռիի մարզի Ստեփանաւան համայնքին մէջ` 68,83%, ամէնէն քիչը` կրկին Լոռիի մարզի Ֆիոլեթովօ համայնքին մէջ` 25,39%:

Ընտրութիւնները յատկանշուեցան բազմաթիւ ընտրախախտումներով: Ըստ «Ականատես» դիտորդական առաքելութեան, դիտորդներու հաղորդումներու նախնական ամփոփումով` 137 ընտրատեղամասի մէջ արձանագրուած է 217 խնդիրներու եւ ընտրախախտումներու դէպք:

Leave a Comment