Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Հակառակ գոյութիւն ունեցող իրավիճակին եւ մեր ականատես դարձած դժուարութիւններուն, Լիբանան ճիշդ ուղիի վրայ դրուեցաւ, ուստի ապագան խոստմնալից է»:

«Ցանկալի ապագային հասնելու համար անոր իրագործման արագութիւնը կախեալ է շարք մը բաներէ, որոնք պէտք է իրականացուին ոչ միայն գործերով եւ զարգացումներով, այլ նաեւ այն ուղղութեամբ, որ երկիրը ընտրած է եւ դարձած է յստակ», ըսաւ ան:

«Անոր հասնելու արագութիւնը կրնայ տարբեր ըլլալ, սակայն անոր հասնիլը անխուսափելի է, եւ անշուշտ, ետդարձի ճամբայ չկայ», աւելցուց Ժահժահ:

Leave a Comment