Պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման մասին բազմաթիւ լրատուութիւններ կը շրջագային: Ներկայ պահու դրութեամբ, կանխատեսումները կը կապուին իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ, այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ գործող վարչապետը պաշտօնաթող չըլլալու համար կ՛ուզէ վճռական գործողութիւններ իրականացնել Լիբանանի ուղղութեամբ, համոզելու համար իր հասարակութիւնը, որ Իսրայէլ ամբողջական յաղթանակ արձանագրած է եւ կատարած իր առջեւ դրած խնդիրները:
Այդպէս չէ իրականութիւնը սակայն: Դիմադրութիւնը արմատախիլ չէ եղած, ինչպէս խոստացած էր ընտրութիւններու շեմին գտնուող վարչապետը. Դիմադրութիւնը զինաթափ չէ եղած եւ առաջադրուած անվտանգութեան գօտիի աշխարհագրութիւնը չէ նուաճուած:
Շաբաթներ ետք Իսրայէլի մէջ ընտրութիւններ են, եւ դժուար է պատկերացնելը, որ արմատական այն պահանջներն ու առաջադրանքները, որոնք պաշտօնապէս յայտարարուեցան Իսրայէլի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան կողմէ, իրականացած են ամբողջութեամբ: Ճիշդ է, հարուածուած է Դիմադրութիւնը, տեղահան եղած է հարաւային Լիբանանի ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասը, իսրայէլեան ուժեր տեղակայուած են հարաւային շրջանին մէջ:
Բայց կան նաեւ միջազգային որոշումները` իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան գերիշխան տարածքներէ հեռացման. կան նաեւ որոշումներ հարաւային Լիբանանի շինարարութեան վերաձեռնարկումին եւ հետեւաբար ժողովուրդի վերադարձին վերաբերեալ:
Իսրայէլէն այս օրերուն հնչող յայտարարութիւնները ընտրարշաւային շարժառիթներ ունին` աւելի քան ռազմական: Բանակի բանբերը, ելակէտ նկատելով 7 հոկտեմբեր 2023-ը, թիրախային հարուածներու հանրագումար կը ներկայացնէր. շուրջ 100.000` Կազան, Լիբանանը, Սուրիան եւ Իրանը նկատի ունենալով:
Քուէահաւաքի շարժառիթով ներկայացուած թիրախային այս հանրագումարը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ իսրայէլացի ընտրողին վրայ: Անոր, որուն կը հրամցուի նաեւ մօտ օրերուն նոր ռազմական գործողութիւններ սանձազերծելու որոշման մասին լուրերը: Եւրոպական աղբիւրները ուղղակի կը խօսին ենթադրեալ գործողութիւններու ընտրական շարժառիթ ունենալու մասին: Անոնք կը նշեն, որ մասնաւորաբար հիւսիսի բնակեցման վայրերու եւ գիւղերու բնակիչներուն քուէները ապահովելու համար գործող վարչապետը կ՛ուսումնասիրէ լիբանանեան ճակատը վերաբռնկեցնելու ընտրանքը, որպէսզի ապահովէ խորհրդարանական այն խմբակցութիւնը, որ պիտի վերանորոգէ իր պաշտօնավարման ժամկէտը:
Իսրայէլեան յարձակումները Իրանի ուղղութեամբ դադրած են: Դադրեցնողը պարզ է, որ Ուաշինկթընն է, որ իր հերթին յարձակիլ-համաձայնիլ կամ հարուածել-բանակցիլ ընտրանքներու ճնշումներով կը փորձէ վերադառնալ բանակցային գործընթաց: Բռնկած են եմէնեան ճակատը եւ Կազան: Անորոշ է դէպի Լիբանան գործողութիւնները վերսկսելու ընտրանքին արտօնութեան խնդիրը:
Ընտրութիւնները երկու շաբաթ ետք են: Նոր յարձակումները կ՛ենթադրեն պատասխան հարուածներ: Նախ եւ առաջ հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ: Ծաւալային տարողութիւն մը կրնայ առկախել ընտրութիւնները, արտակարգ իրավիճակի պատճառով:
Այս հաւանականութիւնները չեն բացառուիր: Կը ստեղծեն անորոշութիւն: Յստակը այն է, որ բեկումնային պահեր ստեղծելու որոշումը այս պարագային միայն Իսրայէլէն կախեալ չէ: Հետեւաբար նոյնքան անորոշ է գործողութիւններու ծաւալման պարագային, անոնց ունենալիք ազդեցութիւնը ընտրութիւններուն վրայ: 100.000-աւոր թիրախային հարուածներու հանրագումար ներկայացնելու ընտրական մարտավարութիւնը կրնայ առաջադրուած արդիւնքները չգրանցել:
«Ա.»