Ռուսիա. «Երեւան Կ՛ուզէ Մոսկուայի Վրայ Դնել Գիւմրիի Ռազմակայանի Դուրսբերման Պատասխանատուութիւնը» – Aztag Daily

Հայաստան կը ցանկայ Ռուսիոյ վրայ դնել պատասխանատուութիւնը Գիւմրիի ռազմակայանի հաւանական դուրսբերման համար, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Քալուկին:

Այդ փորձերը, ռուս դիւանագէտին համաձայն, «կը տեղաւորուին հայկական ներկայիս քաղաքական միտքի հետաքրքրական առանձնայատկութեան մէջ»: «Իշխող վերնախաւը Երեւանի մէջ յաճախ կը սպասէ, որ կարեւորագոյն որոշումները ընդունուին արտաքին խաղացողներու կողմէ», պնդած է Քալուկին:

Միաժամանակ, ըստ ռուս պաշտօնեային, Մոսկուան պատրաստ է քննարկելու Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռազմակայանին վերաբերեալ բոլոր հարցերը:

 

Leave a Comment