Երեւանն Ու Անգարան Քննարկած Են Գիւմրի-Կարս Ելեկտրահաղորդակցութեան Գիծի Վերագործարկումը – Aztag Daily

Հայ եւ թուրք պաշտօնեաները 5 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ քննարկեցին Գիւմրի-Կարս ելեկտրահաղորդակցութեան գիծի վերականգնման ուղղութեամբ աշխատանքները:

Թուրքիոյ ելեկտրականութեան հաղորդակցութեան կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն Մուսթաֆա Փուսթուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունեց տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանը:

Ըստ նախարարութեան, կողմերը ընդգծեցին նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ելեկտրականութեան համակարգերու փոխկապակցութեան կարեւորութիւնը` շրջանային համագործակցութեան տեսանկիւնէն:

Թրքական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի ելեկտրականութեան համակարգի գործարկիչ եւ «Բարձրավոլտ Ելեկտրացանցեր» ընկերութեան ղեկավարներուն հետ:

Յիշեցնենք, որ Խուդաթեան տակաւին օգոստոսին յայտարարած էր, որ Հայաստան շահագրգռուած է իր ուժանիւթի համակարգը Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի համակարգերուն միացնելով: Ըստ անոր, ասիկա Հայաստանին կարելիութիւն պիտի տայ թէ՛ ելեկտրականութիւն արտածելու եւ թէ՛ ներածելու:

 

 

 

Leave a Comment