Հայաստանի Ներկայացուցիչը` ՄԱԿ-ին. «19 Հայ Գերիներու Հարցը Մարդասիրական Հրատապ Խնդիր Է» – Aztag Daily

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի ընդհանուր քննարկումին ընթացքին, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննիսեան վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու համակարգի ամրապնդման` մարդու իրաւունքներու խախտումները կանխարգիլելու եւ հաշուետուողականութիւն ապահովելու նպատակով:

Ներկայացուցչութենէն կը յայտնեն, որ դեսպան Յովհաննիսեան ներկայացուց Հայաստանի կողմէ ի գործ դրուող ջանքերը, մասնաւորապէս` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործիքակազմերու ամրապնդման, սեռերու միջեւ հաւասարութեան խթանման եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրակարգի յառաջ մղման ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով շրջանային զարգացումներուն` Յովհաննիսեան նշեց, որ, թէեւ խաղաղութեան ամրապնդման ջանքերը կը շարունակուին, բայց շարք մը հրատապ մարդասիրական խնդիրներ տակաւին լուծման կարիք ունին: Անոնց կարգին են 19 հայերու շարունակուող կալանքը, անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրին եւ գտնուելու վայրին պարզաբանումը, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացումներու դէպքերուն վերաբերող հարցերը:

Ան շեշտեց, որ այս խնդիրներու լուծումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման, վստահութեան ձեւաւորման ու հաշտեցման:

 

 

Leave a Comment