Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը – Aztag Daily

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Թեհրանի մէջ իր պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիին ներկայացուցած է Իրանի սահմանով անցնող հայ-ամերիկեան ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման ուղղութեամբ աշխատանքները եւ անոր միջոցով շրջանային երկիրներուն ընձեռնուող նոր կարելիութիւնները, կը հաղորդէ պաշտօնական Երեւանը: Իր կարգին Ապպաս Արաղչի, ողջունելով շրջանին մէջ կապերու ամրապնդումը, միաժամանակ կրկնած է Թեհրանի վերապահութիւնը` Հարաւային Կովկասի մէջ երրորդ երկիրներու ներկայութեան վերաբերեալ:

«Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեանն ու Ապպաս Արաղչին միտքեր փոխանակած են ապաշրջափակման շնորհիւ ստեղծուող առաւելութիւններու եւ շրջանային փոխկապակցուածութեան ծրագիրներու շուրջ: Ընդգծուած է Իրանի աջակցութիւնը «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին», նշուած է Երեւանի հաղորդագրութեան մէջ:

Միրզոյեանի պաշտօնական այցելութիւնը Իրան տեղի կ՛ունենայ հայ պաշտօնեաներու այն յայտարարութիւններու խորապատկերին, թէ արդէն յաջորդ տարուան սկիզբը պիտի սկսի ԹՐԻՓՓ-ի շինարարութիւնը:

Իրանական կողմը հաղորդած է, որ Ապպաս Արաղչի նորէն յիշեցուցած է Թեհրանի զգուշացումը` «Հարաւային Կովկասի մէջ երրորդ կողմի ներկայութեան հետեւանքներուն մասին»:

«Շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւնը կախուած է անկէ, որ շրջանի երկիրները իրենք լուծեն իրենց խնդիրները եւ կանխեն շրջանէն դուրս գտնուող ուժերու միջամտութիւնը», ըսած է Արաղչի:

Ան նշած է, որ Իրան յատուկ նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի հետ բարեկամական եւ կայուն զարգացող յարաբերութիւններուն` ընդգծելով, որ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան եւ կապերու ամրապնդումը պիտի նպաստէ շրջանի բոլոր պետութիւններու անվտանգութեան եւ խաղաղութեան երաշխաւորման` միաժամանակ խթանելով տնտեսական աճն ու բարգաւաճումը անոնց ժողովուրդներուն համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շարունակուող շփումները: Արաղչի ընդգծած է Իրանի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու բազմակողմ երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը, ներառեալ «3+3» շրջանային ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ:

 

Leave a Comment