Նեթանիահու. «Իրանի Ծրագիրը Մեզ Կրակով Պաշարելն Էր, Սակայն Թշնամին Բոլոր Ճակատներուն Վրայ Մեր Սահմաններէն Հեռացուցինք» – Aztag Daily

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Իրանի ծրագիրը մեզ կրակով պաշարելն էր, սակայն թշնամին բոլոր ճակատներուն` Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ մեր սահմաններէն հեռացուցինք»:

«Ջանք կը թափենք մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան շրջագիծը ընդլայնելու: Աշխատանք պիտի տանինք զայն իրագործելու, եւ այդ մէկը կը կատարենք ուժով ու վճռակամութեամբ», յայտնեց Նեթանիահու:

Իսրայէլի վարչապետը նաեւ յայտարարեց. «Մեր դէմ յարձակումի մասնակցած որեւէ անձ, մեր պատանդները պահած որեւէ անձ, իր վերջին օրերը կ՛ապրի: Մենք անոնց պիտի հասնինք, ճիշդ այնպէս, ինչպէս միւսներուն հասանք»:

 

 

 

Leave a Comment