Լաւրով. «Համոզուած Եմ, Որ Ռուս-Հայկական Համապարփակ Համագործակցութեան Պահպանումը Կը Համապատասխանէ Մեր Երկիրներու Ժողովուրդներու Շահերուն» – Aztag Daily

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շնորհաւորած է Հայաստանի արտաքին գործոց ու միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան տօնին առիթով:

«Համոզուած եմ, որ ռուս-հայկական համապարփակ համագործակցութեան պահպանումը, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նախարարութիւններուն միջեւ աշխուժ երկխօսութիւնը, կը համապատասխանէ մեր երկիրներու ժողովուրդներու փոխադարձ շահերուն: Կը մաղթեմ ձեզի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեամբ ամբողջ անձնակազմին քաջառողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւն», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած հեռագիրին մէջ:

 

Leave a Comment